Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դադրած Են Երեւան-Պոլիս Թռիչքները

Դադրած Են Երեւան-Պոլիս Թռիչքները

by MassisPost

Նոյեմբեր 27-էն սկսեալ թրքական «Աթլաս Կլոպըլ» թռիչքային ընկերութիւնը կը դադրեցնէ չուերթները բոլոր ուղղութիւններով։

Ըստ Panorama.am-ի՝ «Աթլաս Կլոպըլ»ը ուղիղ չուերթներ կ՝իրականացնէ նաեւ Պոլիս-Երեւան-Պոլիս ուղղութեամբ՝ շաբաթը 2 անգամ։

Թռիչքային ընկերութեան տարածած յայտարարութեան համաձայն, չուերթները կը դադրեցուին տնտեսական անկայունութեան եւ Պոլսոյ օդակայանին մէջ աճող ծախսերուն պատճառով։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ դադարը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ եւ չուերթները պիտի վերականգնուին Դեկտեմբեր 21-ին, իսկ անոնք, որոնք այդ ժամանակահատուածին համար տոմսեր գնած են պիտի փոխհատուցուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment