Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Ռազմական Գործողութիւններ Ծրագրած Էր Հայաստանի Դէմ․ Nordic Monitor

Թուրքիան Ռազմական Գործողութիւններ Ծրագրած Էր Հայաստանի Դէմ․ Nordic Monitor

by MassisPost

Թուրքիան կը ծրագրէր ռազմական գործողութիւն կատարել Հայաստանի դէմ՝ «ALTAY» քոտով՝ համաձայն գաղտնի փաստաթուղթի, որ կը ներկայացնէր դասակարգուած փաստաթուղթերէն բացակայող էջերը, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն գործողութիւնները: Այս մասին կը գրէ շուէտական Nordic Monitor կայքը։

Ներքին փաստաթուղթը, որ ներկայացուած է Գլխաւոր շտապին, եւ որու պատճէնը ձեռք բերուած է «Nordic Monitor»-ի կողմէ, կը նշէ, որ ծրագիրը դեռ կը գործէ:

Կը նշուի, որ 2016 -ի Մայիս 23 թուագրուած գրութեան համաձայն, որ ներկայացուած է Գլխաւոր շտապին,  որոշ էջեր, որ կը ներառէին Հայաստանի նկատմամբ «OĞUZTÜRK Hava Harekât Planı» անունը ստացած օդային հարուածներու գործողութիւնները  (OĞUZTÜRK օդային գործողութիւնների պլան), անհետացած էին: Այս բացայայտումը կատարուած է Անգարայի «Akıncı» օդուժի ռազմակայանին մէջ գտնուող վերահսկիչ փաստաթուղթերու գրասենեակին մէջ՝ ծրագրերու վերանայման ընթացքին: Դէպքի կապակցութեամբ սկսած է իրաւական հետաքննութիւն:

Ըստ տեսչութեան կողմէ ներկայացուած հակիրճ գրութեան՝ գաղտնի ծրագիրը վերջնական տեսքի եկած 2001-ի Յուլիս 13-ին: Այն պատրաստուած է 2-րդ մարտավարական օդուժի հրամանատարութեան կողմէ։

Գրութեան մէջ նշուած է, որ գործողութիւններու ծրագիրը դեռ վաւեր է, եւ ընդգծուած է, որ խախտումը բացասական ազդեցութիւն չունենար Թուրքիոյ զինուած ուժերու «ALTAY» հրահանգի վրայ:

Ինչպէս կը գրէ Nordic Monitor-ը,  «ALTAY» ծրագիրը Թուրքիոյ զինուած ուժերու կողմէ կազմուած գործողութիւններու ընդհանուր ծրագիր էր, եւ որ իւրաքանչիւր ուժային հրամանատարութիւն իր հրահանգն ունէր ըստ տրուած ուղղութիւններու: Յուշաթերթին մէջ չէ նշուած «ALTAY» հրահանգի մանրամասները, որոնք, կարծես թէ, եղած են Հայաստանի համար ընդհանուր ռազմական ծրագիր, կամ  անոր օդուժի՝ «OĞUZTÜRK» գործողութեան մանրամասները: Չէ նշուած, թէ ինչպէս անհետացած են գաղտնի ծրագրի այդ էջերը ։

NM

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment