Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Մէջ Մահացած Է Երեւանի Նախկին Ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը

Ռուսաստանի Մէջ Մահացած Է Երեւանի Նախկին Ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը

by MassisPost

Ռուսաստանի մէջ մահացած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան նախկին պետ Աշոտ Կարապետեանը։ Լուրը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են Կարապետեանի հարազատները։

Ըստ անոնց, ոստիկանութեան նախկին պաշտօնեայի, ինչպէս նաեւ անոր մօրեղբօր պատահած է կազի պայթումի հետեւանքով։

49-ամեայ Կարապետեանը ոստիկանութեան համակարգին մէջ եղած է 1990-ականներէն, 2008 թուականի մարտիմէկեան իրադարձութիւններու ժամանակ ալ զբաղեցուցած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան Խորհրդային բաժնի պետի պաշտօնը։ Յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն մէկ տարի անց պարգեւատրուած է «Հասարակական կարգի գերազանց պահպանման համար» մետալով:

Նախկին ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը Մարտ մէկի գործով որպէս վկայ ներգրաւուած էր: Կարապետեանը այս գործի ծիրէն ներս անցեալին հարցաքննուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment