Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Նախկին Դատախազ Գէորգ Կոստանեանը 48 Ժամուան Ընթացքին Պէտք է Ներկայանայ Նախաքքնութեան

Նախկին Դատախազ Գէորգ Կոստանեանը 48 Ժամուան Ընթացքին Պէտք է Ներկայանայ Նախաքքնութեան

by MassisPost

Եթէ 48 ժամուան ընթացքին նախկին դատախազ Գէորգ Կոստանեանը չներկայանայ նախաքննական մարմնին, ապա Յատուկ քննչական ծառայութիւնը պիտի իրականացնէ օրէնքով իրեն վերապահուած գործողութիւնները, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանը։

Յայտնի դարձած էր, որ 2008-ի՝ 10 մարդու կեանք խլած մարտեան իրադարձութիւնները քննող ՅՔԾ-ն որոշում կայացուցած է որպէս մեղադրեալ ներգրաւել նախկին Գլխաւոր դատախազ Կոստանեանը, որ արդէն երկու ամիս է կը բնակի եւ կ’աշխատի Մոսկուայի մէջ։

«Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ Կոստանեանն ասած է, որ քննիչին ժամանակին յայտնած է, որ Մոսկուա կ’աշխատի, դասընթաց կը վարէ, եւ պիտի վերադառնայ այն աւարտելէն ետք։ Կոստանեանը նաեւ ըսած է, թէ ՅՔԾ-ի դրսեւորած «հրատապութիւնը իրեն համար կանխատեսելի էր»՝ առանց նշելու սակայն, թէ այդ պարագային ինչու քայլեր չի ձեռնարկեր Հայաստանէն հեռու չգտնուելու համար․ – «Եւ առնուազն կիսամեակն աւարտուելուց յետոյ, ես ինքս չէ՞ պատրաստակամութիւն յայտնեցի, որ ներկայանալու եմ: Եւ այս հրատապութիւնը ինձ համար կանխատեսելի էր, բայց ոչ ողջամիտ եւ ոչ նորմալ էր իրաւական տեսակէտից: 48 ժամուայ ընթացքում առարկայականօրէն  հնարաւոր չէ ներկայանալ»:

48 ժամուան ընթացքին հնարաւո՞ր է արդեօք Մոսկուայէն հասնիլ Երեւան․ լրագրողներու այս հարցին Սասուն Խաչատրեանը հակադարձած է. – «Ես էլ այդ հարցը ձեզ եմ տալիս՝ դուք իրատեսակա՞ն էք համարում 48 ժամուայ մէջ Մոսկուայից գալ Երեւան»:

ՅՔԾ-ը դեռ չէ մանրամասնած, թէ ինչ յօդուածներով որպէս մեղադրեալ ներգրաւած է Կոստանեանը եւ ինչ խափանման միջոց պիտի ընտրէ։ Սակայն Մարտ 1-ի գործով անցնող մէկ այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայի՝ նախկին ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանին առաջադրուած մեղադրանքի մասին հաղորդագրութեան մէջ կը շօշափուէր նաեւ Գէորգ Կոստանեանի անունը։

Ըստ այդմ, 2008-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ներս Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեանը չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները եւ նպատակ ունեցած է պարտակել 2008 թուականի Մարտ 1-ին եւ 2-ին Երեւանի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններու ժամանակ ոստիկանութեան իրականացուցած անօրինական գործողութիւնները եւ Հայաստանի զինուած ուժերու օգտագործումը։

Ըստ ՅՔԾ-ի, Կոստանեանը եւ այն ժամական նախագահի օգնական, իսկ 2008 թուականի Յուլիս 2-էն՝ Ոստիկանութեան պետի տեղակալ Գէորգ Մհերեանը իրենց յանձնարարութիւններով ու ցուցումներով պաշտօնատար անձանց դրդած են չարաշահելու պաշտօնէական լիազօրութիւնները եւ կեղծած ապացոյցներ:

Շղթային մէջ ներգրաւուած եղած է նաեւ նախին ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանը: Վերջինս Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ է, ստորագրութիւն թողած է երկրէն չհեռանալու

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment