Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Վախճանած է Յայտնի Հետախոյզ Գոհար Վարդանեանը

Վախճանած է Յայտնի Հետախոյզ Գոհար Վարդանեանը

by MassisPost

Վախճանած է խորհրդային ականաւոր հետախոյզ, խորհրդային ամենայայտնի հետախոյզներէն մէկու՝ Գէորգ Վարդանեանի այրին՝ Գոհար Վարդանեանը:

Ականաւոր հետախոյզը 93 տարեկան էր: Անոր մահուան մասին հաղորդած է Ռուսաստանի արտաքին հետախուզական ծառայութեան մամլոյ գրասենեակը, լուրին անդրադարձած են ռուսական գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցները:

Գոհար Վարդանեանը ծնած է 1926 թուականին, Հայաստան, 30-ականներուն անոր ընտանիքը տեղափոխուած էր Իրան: 16 տարեկանին Գոհարը միացած է իր ապագայ ամուսին՝ Գէորգ Վարդանեանի հակաֆաշիստական խումբին Թեհրանի մէջ: 1943-ին Գէորգ Վարդանեանի խումբը ապահոված էր անվտանգութիւնը Թեհրանի յայտնի համաժողովի ժամանակ ու խափանած Իոսիֆ Սթալինի, Ֆրանքլին Ռուզվելթի եւ Ուինսթըն Չըրչիլի դէմ գերմանական հետախուզական ծառայութեան նախապատրաստած մահափորձը: Այս մասին, յիշեցնենք, կը պատմումէ յայտնի «Թեհրան-43» գեղարուեստական ֆիլմը:

Գոհար եւ Գէորգ Վարդանեաններու մասին շարք մը վաւերագրական ֆիլմեր նկարահանուած են Մոսկուայի մէջ:

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները միայն մէկ դրուագն է Վարդանեաններու հարուստ կենսագրութենէն: Ինչպէս փորձագէտները կ’ըսեն, հետախոյզ ամուսիններու աշխատանքի արդիւնքներն այնքան նշանակալի են, որ անոնք երբեք պիտի չգաղտնազերծուին:

1951-ին Վարդանեան զոյգը տեղափոխուած էր Խորհրդային Միութիւն՝ Երեւան, ուր անինք սորված են Վալերի Բրիւսովի անուան օտար լեզուներու հիմնարկէն ներս: 1956-էն անոնք աշխատած են որպէս հետախոյզներ տասնեակէ աւելի երկիրներու մէջ:

1986-ին զոյգը վերադարձած էր Խորհրդային Միութիւն: Կար մտավախութիւն, որ դաւաճանութեան հետեւանքով անոնք կրնան բացայայտուիլ:

Գոհար Վարդանեանի վաստակը նշուած Է Կարմիր դրօշի, 2-րդ աստիճանի Հայրենական պատերազմի շքանշաններով եւ բազմաթիւ մետալներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment