Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ, Էրտողան եւ Լինտսի Կրահամ

Թրամփ, Էրտողան եւ Լինտսի Կրահամ

by MassisPost

Սպիտակ Տունէն ներս հիւրընկալելով Թուրքիոյ նախագահ Ոէճեպ Թայիպ Էրտողանին, նախագահ Տանոլտ Թրամփ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ ինք յատուկ վերաբերմունք եւ տկարութիւն ունի Թուրքիոյ ղեկավարին հանդէպ, ինչ որ կը զարմացնէ քաղաքական շրջանակներուն եւ կասկածներ կը յառաջացնէ Թուրքիոյ մէջ անոր ունեցած տնտեսական շահերուն նկատմամբ:

Հեռաձայնային մէկ խօսակցութեամբ Թրամփ Հիւսիսային Սուրիայէն դուրս բերելով ամերիկեան զօրքերը, դուռ բացաւ Թուրքիոյ առջեւ` ներխուժելու եւ գրաւելու Ամերիկայի դաշնակից քրտական ուժերու դիրքերը: Թրքական այս յարձակումէն ու պատճառած մարդկային, նիւթական ու բարոյական վնասներէն ետք, կը կարծուէր թէ, Էրտողանի այցը Ուաշինկթըն վերատեսութեան պիտի ենթարկուի: Հակառակ մեծ թիւով գոնկրէսականներու կոչին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը ոչ միայն հիւրընկալեց, այլ նաեւ դրուատանքի խօսքեր ուղղեց իր «ոխերիմ բարեկամի» հասցէին:

Հանդիպումին մասնակցելու հրաւիրուած էին նաեւ Թրքական բանակի Սուրիա ներխուժումը ամենէն բուռն քննադատող` հանրապետական ծերակուտականներու փոքր խումբ մը, որոնց շարքին Լինտզի Կրահամը: Ըստ մամուլի հաղորդումներու նախագահական գրասենեակէն ներս կայացած հանդիպումին պարզուած է բաւականին տարօրինակ իրավիճակ, երբ ծերակուտականները կը վիճէին Էրտողանի հետ, իսկ Թրամփ նստած կը հետեւէր այդ վիճաբանութեան եւ չէր միջամտէր նոյնիսկ երբ Թուրքիոյ նախագահը ամբաստանութիւններ կ’ուղղէր Ամերիկեան Գոնկրէսին` Հայկական Ցեղասպանութեան եւ պատժամիջոցներու բանաձեւերը վաւերացնելու հարցերով:

Նոյնիսկ երբ Էրտողան վերադարձուցած է, չըսելու համար «երեսին նետած», նշանաւոր այն նամակը, որուն մէջ Թրամփ Էրտողանին ըսած էր` «ապուշ մի ըլլալ», Թրամփ լռութեամբ ընդունած է այդ անարգանքը:

Աւելին, Թրամփ առիթ տուած է, որպէսզի Էրտողան փոքր քոմփութըրի վրայ ցոյց տայ թրքական տեսակէտները ներկայացնող փրոփականտային երիզ մը` ներկայ ծերակուտականները համոզելու նպատակով: Այս երեւոյթը ինքնին աննախընթաց էր Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունեցած միջպետական հանդիպումներու շրջագիծէն ներս:

Դուրս գալով Սպիտակ Տունէն ծերակուտական Կրահամ արգելափակեց ծերակուտական Պոպ Մենենտեզի առաջարկը, որպէսզի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, հետեւելով Ներկայացուցիչներու Տան օրինակին: Կրահամ այդ քայլին հաւանաբար դիմած է Թրամփի անձնական խնդրանքով` Էրտողանին գոհացնելու համար:

Նոյնը պատահեցաւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու բանաձեւին հետ, երբ մի քանի հանրապետական ծերակուտականներ պահանջեցին որ այդ հարցը եւս, առայժմ դուրս հանուի օրակարգէն: Միւս կողմէ Էրտողան անդրդուելի մնաց ռուսական S-400 հրթիռներ իր տարածքին վրայ տեղադրելու հարցով:

Այսպիսով, Էրտողան հասաւ իր նպատակին, իսկ Ամերիկայի նախագահի այն սպառնալիքները, որ պիտի ոչնչացնէ թրքական տնտեսութիւնը, մնացին օդին մէջ:

Էրտողան իր երկիրը վերադարձաւ, որպէս յաղթական «հերոս», իսկ Թրամփ արձանագրեց իր հերթական պարտութիւնը` միջազգային գետնի վրայ:

Գալով Լինտսի Կրահամին, ան փաստեց որ ամօթանքի արժանի քաղաքական անձնաւորութիւն մըն է: Թրամփի ամենէն խիստ քննադատէն դառնալով անոր ամենէն հաւատարիմ պաշտպանը` ան կորսնցուց անցեալին վայելած մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանի իր համբաւը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment