Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հռոմի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Վարչապետներու Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները

Հռոմի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Վարչապետներու Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Իտալիոյ Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հռոմի մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ունեցած է Իտալիոյ նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ճիուզեփփէ Քոնթէի հետ։

Հայաստանի եւ Իտալիոյ վարչապետներու հանդիպումը կայացած է Հռոմի Քիճի պալատին մէջ՝ Իտալիոյ վարչապետի պաշտօնական նստավայրին մէջ։ Տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն. Իտալիոյ վարչապետը դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետը, Պատուոյ պահակախումբի ղեկավարի ողջոյնէն ետք հնչած են Հայաստանի եւ Իտալիոյ Հանրապետութիւններու օրհներգերը, տեղի ունեցած է ստուգայց, երկու երկիրներու վարչապետները փոխադարձաբար ներկայացուցած են պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն։

Յաջորդիւ կայացած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ վարչապետներու առանձնազրոյցը, որու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ճիուզեփփէ Քոնթէն քննարկած են հայ-իտալական յարաբերութիւններու ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները։

pashinyan-italy-2

Առանձնազրոյցին յաջորդած լայն կազմով բանակցութիւններուն Հայաստանի եւ Իտալիոյ վարչապետներն անդրադարձած են երկկողմ համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակի։ Իտալիոյ վարչապետն իր երկրի աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգին՝ ընդգծելով, որ օրէնքի գերակայութեան, արդարադատութեան բարեփոխումներու, ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման հարցով Իտալիան պատրաստ է հնարաւորինս սերտ համագործակցելու Հայաստանի հետ եւ ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւն։

Շնորհակալութիւն յայտնելով նման պատրաստակամութեան եւ Իտալիոյ արդէն իսկ շօշափելի մասնակցութեան համար յատկապէս Հակաքորուփցիոն յանձնաժողովի ձեւաւորման հարցով՝ Հայաստանի վարչապետը նաեւ ընդգծած է իտալական ընկերութիւններու աշխոյժ մասնակցութիւնը տնտեսական գործունէութեան մէջ։ Նիկոլ Փաշինեանը վստահութիւն յայտնած է, որ նման նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է ամէն կերպ նպաստել ներդրումային ծրագիրներու իրականացման։

Հայաստանի վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ ԵՄ-ի հետ բանակցութիւններ սկսելու հարցի վերաբերեալ Իտալիոյ դիրքորոշման կապակցութեամբ՝ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ բարելաւուող գաղթի պատկերը։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ճիուզեփփէ Քոնթէն գոհունակութիւն յայտնած են նաեւ հայ-իտալական մշակութային եւ կրթական համագործակցութեան կապակցութեամբ, արձանագրած երկու երկիրներու համալսարաններու միջեւ փոխանակման ծրագրերու արդիւնաւէտութիւնը։ Մշակութային կապերու սերտացման ծիրէն ներս վարչապետ Փաշինեանը կարեւորած է հնագիտութեան ոլորտի մէջ Իտալիոյ հետ հարուստ փորձի փոխանակումը։

Հայաստանի եւ Իտալիոյ կառավարութիւններու ղեկավարները ծաւալուն քննարկում ունեցած են միջազգային անվտանգութեան արդի հարցերու, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ։ Վարչապետ Փաշինեանը ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ այնտեղ իրականացուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ Կողմերը համադրած են իրենց դիրքորոշումները Սուրիոյ մէջ կայունութեան վերականգնման հարցով։ Հայաստանի եւ Իտալիոյ վարչապետներն անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան այլ հարցերու եւս, միտքեր փոխանակած են ԵՄ-Իրան, Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի շուրջ։ Երկու երկիրներու վարչապետները կարեւորած են ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդէն ներս  համագործակցութիւնը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Իտալիոյ նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ճիուզեփփէ Քոնթէին հրաւիրած է պաշտօնական այց կատարելու Հայաստան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment