Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԱՆԻ Կայքէջի Վրայ Զետեղուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Թրքերէն Թարգմանութիւնը

ԱՆԻ Կայքէջի Վրայ Զետեղուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Թրքերէն Թարգմանութիւնը

by MassisPost

Երկու տարի առաջ, իր հիմնադրութեան պահէն իվեր, Հայ Ազգային Հիմնարկի (ԱՆԻ) թրքերէն կայքը շարունակաբար ընդլայնուած է 2019 թուականի ընթացքին կատարուած դէպքերու հիմնական լրացումներով, իսկ այժմ՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւով:

Ներկայիս, աշխարհի աւելի քան 60 միջազգային բանաձեւերը եւ օրէնքները կրնան ընթերցուիլ այնտեղ թրքերէն լեզուով՝ ապահովելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին համաշխարհային իրազեկումը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնը ընդունող բոլոր երկիրներու որոշումները եւ բանաձեւերը:

Ի պատասխան Թուրքիոյ պետութեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումին, որու մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանը հերթական անգամ խօսեցաւ Ուաշինկթըն կատարած իր վերջին այցելութեան ժամանակ՝ Սպիտակ Տան ամպիոնէն յայտարարելով, որ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն «միջադէպ մըն էր որ տեղի ունեցաւ 104 տարի առաջ», ԱՆԻ-ի թրքական կայքէջը մեծ ճիգ կը թափէ թուրք ընթերցող հասարակութիւնը դաստիարակելու Հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան, պատմութեամբ եւ ճանաչման մասին:

ԱՆԻ-ի թրքական կայքը ընդլայնուած է նոր բաժիններով, ուր ներառուած են պետութիւններու, ղեկավարներու, խորհրդարաններու եւ նախագահներու յայտարարութիւնները եւ այդ մարմիններու կողմէ բխող բանաձեւերը: Ցեղասպանութեան հանրագիտարանէն լրացուցիչ գրառումներ ալ այժմ հասանելի են այնտեղ՝ թրքերէնով, ինչպէս նաեւ պատմական նորութիւններ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակշրջանին, Ամերիկեան լրատուամիջոցներու լոյս տեսած նիւթերը:

ԱՆԻ թրքական կայքէջը կը պարունակէ նաեւ պատմական լուսանկարներ, Հայոց ցեղասպանութիւնը հետագծող քարտէզներ եւ յաճախակի տրուած հարցումներու պատասխաններ:

Թրքական լսարանը իր գործարկման պահէն ի վեր՝ շարունակաբար կը խորհրդակցի սոյն կայքին հետ: Այս կայուն հասարակական հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս կայքը ծառայութիւններ կը մատուցանէ, որոնք այլ կերպ անհասանելի են Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր: ԱՆԻ թրքական կայքը նաեւ սերտօրէն եւ զուգահեռ կ՛աշխատակցի ԱՆԻ հիմնական կայքին հետ, որ հարուստ է տեղեկութիւններով եւ կը պարունակէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր:

Անցնող երեք տարիներու ընթացքին, թուրքիոյ մէջ ազատ խօսքի սեղմումները կը քաջալերեն ցեղասպանութեան ժխտումը՝ ի դէմս աճող միջազգային ճանաչման:

Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածով նախատեսուած քրէական հետապնդումները նոյնպէս աւելցած են, որովհետեւ շատ աւելի լրագրողներ, հեղինակներ եւ իրաւապաշտպաններ , կոչ կ՛ընեն հայկական ցեղասպանութեան հարցերու բացայայտ քննարկումները կատարելու:

Երբ Թրքական քաղաքական ուղղութիւնը ինքզինք կը հակասէ իր իսկ երկխօսութեան կոչերուն մէջ, առաւել ակնյայտ կը դառնայ՝ որ ԱՆԻ-ն եւ նմանատիպ կազմակերպութիւններու ստեղծած աղբիւրները կը մնան առանցքային նշանակութիւն ունեցող լրատուամիջոցներ, թուրք հասարակութիւնը տեղեակ պահելու եւ կամ զանոնք դաստիարկելու գծով, յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բնագաւառէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment