Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կաշառքի Գործով Դատաւորը Դատապարտուած Է՝ 7 Տարուան, Իսկ Փաստաբանը 2 Տարուան Ազատազրկման

Կաշառքի Գործով Դատաւորը Դատապարտուած Է՝ 7 Տարուան, Իսկ Փաստաբանը 2 Տարուան Ազատազրկման

by MassisPost

Կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող դատաւոր Գագիկ Հեբոյեանը դատապարտուած է  7 տարի, իսկ կաշառք ստանալուն օժանդակելու մէջ մեղադրուող փաստաբան Վահագն Դանիէլեանը՝ 2 տարուան ազատազրկման։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կեդրոնի նստավայրին մէջ դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանը, վերադառնալով խորհրդակցական սենեակէն, հրապարակած է այս դատավճիռը։ «Դատարանը վճռեց ամբաստանեալ Գագիկ Հեբոյեանին մեղաւոր ճանաչել Քրէական օրէնսգրքի 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ, 3-րդ կէտերով նախատեսուած յանցաւոր արարքի կատարման մէջ եւ դատապարտել ազատազրկման 7 տարի ժամկէտով՝ գոյքի բռնագրաւմամբ, սակայն ոչ աւելի, քան 1.714.160 դրամը, որը պէտք է կրի Արդարադատութեան նախարարութեան համապատասխան քրէակատարողական հիմնարկում՝ պատժի սկիզբը որոշելով 2019 թուականի Մարտի 28-ը»։

Նշենք, որ այդ օրուընէ սկսեալ՝ Հեբոյեանը կը գտնուի կալանքի տակ։ Միաժամանակ դատաւորն անփոփոխ թողած է Հեբոյեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը մինչ դատավճիռի ուժի մէջ մտնելը։ Դատարանը վճռած է նաեւ ամբաստանեալ Վահագն Դանիէլեանին մեղսագրուած արարքը վերաորակել Քրէական օրէնսգիրքի 313-րդ յօդուածի 1-ին մասով (կաշառքի միջնորդութիւն). «Ամբաստանեալ Վահագն Դանիէլեանին մեղաւոր էր ճանաչել յիշեալ յօդուածով նախատեսուած յանցաւոր արարքի կատարման մէջ եւ դատապարտել ազատազրկման՝ 2 տարի ժամկէտով»։ Հաշուի առնելով նախաքննութեան սկզբնական փուլին Դանիէլեանի՝ կալանքի տակ գտնուելու շրջանը՝ ազատազրկման որպէս վերջնական ժամկէտ դատարանը նշանակած է 1 տարի 10 ամիս 25 օրը։

Միաժամանակ դատարանն անփոփոխ թողած է Դանիէլեանի նկատմամբ այլընտրանքային խափանման միջոց գրաւը մինչ դատավճիռի օրինական ուժի մէջ մտնելը։ Դատաւորը նշած է, որ դատավճիռը կրնայ բողոքարկուիլ Վերաքննիչ քրէական դատարան մէկամսեայ ժամկէտի ընթացքին։ Ան պարզաբանած է նաեւ, որ ամբաստանեալները կրնան սահմանուած կարգով դիմել ներման խնդրագիրով։

Դատավճիռի հրապարակումէն ետք «Հայկական ժամանակ»-ի հարցին` սպասելի՞ էր արդեօք այսպիսի դատավճիռ, Գագիկ Հեբոյեանը պատասխանած է. «Այս դատարանից սպասելի էր»։ Հեբոյեանի պաշտպան Արմէն Նադիրեանը եւս  նշած է, որ սա իրենց ակնկալածն էր. «Ես չեմ պատկերացնում, թէ ապացոյցների գնահատումն ինչպէս է տեղի ունեցել, եւ, առհասարակ, մեր պաշտպանական ճառով բարձրացրած հարցադրումներն ինչպէս են գնահատուել»,- ըսած է պաշտպանը՝ աւելցնելով, որ դատավճիռն ստանալէ ետք միանշանակ պիտի բողոքարկեն, քանի որ, իրենց համոզմամբ, պէտք է կայացուէր արդարացման դատավճիռ։

Վահագն Դանիէլեանը, սակայն, նոյն հարցին ի պատասխան՝ նշած է, որ այս դատավճիռն իրեն համար սպասելի չէր. «Արդարացում պիտի լինէր»,- ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ այս գործը դատարան ներկայացուած էր Մայիս ամիսէն: Գագիկ Հեբոյեանի նկատմամբ ի սկզբանէ ընտրուած է խափանման միջոց կալանաւորումը, իսկ Վահագն Դանիէլեանի նկատմամբ ընտրուած կալանաւորումը յետագային փոխարինուած է գրաւով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment