Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ազգային Նուիրատւութեան 22-Րդ Հեռուստամարաթոնը

Մեկնարկած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ազգային Նուիրատւութեան 22-Րդ Հեռուստամարաթոնը

by MassisPost

«Ես իմ անուշ Հայաստանի․կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» խորագրով

Նոյեմբեր 28-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի իրականացնէ ազգային նուիրատւութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի․կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» խորագրի տակ, որ ուղիղ հեռարձակումով պիտի սկսի Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեամբ՝ ժամը 22:00-ին։

12-ժամեայ համահայկական ձեռնարկին առաջին 4 ժամը այս տարի պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամը պիտի հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն։

«Հեռուստամարաթոն-2019»-ի ընթացքին հաւաքուած միջոցները պիտի նպատակաուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժի կիրառման ծրագրերու իրականացման Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երէք մարզերու մէջ՝ Տաւուշ, Լոռի եւ Շիրակ։ Ընդհանուր առմամբ հարիւրէն աւելի համայնքներ պիտի դառնան ծրագրերու շահառուներ եւ պիտի ապահովուին շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ, անվճար ջեռուցմամբ ու ելեկտրականութեամբ։

Կոչ կ՝ընենք համայն հայութեան մասնակցելու համահայկական դրամահաւաքին եւ միասնական ջանքերով զարգացնելու մեր համայնքները։

Գործարկուած է առաջատար գիտարուեստով զինուած եւ նորամուծութիւններով լի մեր նոր կայքը նոյն հասցէով, որ Հիմնադրամի աշխատանքները կը դարձնէ լիովին թափանցիկ ու հաշուետու համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու  տայ առցանց նուիրատւութիւններ կատարելու ձեր նախընտրած ձեւաչափով։ Նոր կայքի հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ առցանց նուիրատւութեան մեքենականութիւններուն կրնաք ծանօթանալ՝ այցելելով https://www.himnadram.org/hy/donate։ Նուիրատւութեան այլ տարբերակներուն կարող էք ծանօթանալ https://www.himnadram.org/en/bank-transfers յղումով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment