Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպած Է Գերագույն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպած Է Գերագույն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այցելած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի մասնակիցներուն հետ:

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին այցելելու, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստի անդամներուն հանդիպելու համար եւ ներկայացուցած է նիստին քննարկուող հարցերու օրակարգը:

Իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու հետ կապուած քննարկումները շատ կարեւոր են, առաւել եւս Հայաստանի նոր իրավիճակի եւ նոր պայմաններուն մէջ – «Ընդհանուր առմամբ, երբ ես մտածում եմ մեր երկրում առկայ մթնոլորտի մասին՝ ես այն եզրակացութեանն եմ գալիս, որ ցաւօք մեր ժամանակներում, ես չեմ ուզում այդ ժամանակների մեկնարկ, աւարտ, այսինքն մի ժամանակ նշել, ընդհանուր միտումը ապահոգեւորականացումն է:

Եւ սա ես նկատի չունեմ որպէս ծառայութիւն, ես նկատի չունեմ որպէս պաշտօն, կարգավիճակ, ես նկատի ունեմ առաջին հերթին ընկալումը հանրային յարաբերութիւններում, այսպէս ասած, վերնախաւի եւ հանրութեան յարաբերութիւնները, ընդհանրապէս կամայական երկու քաղաքացիների յարաբերութիւնները», – նկատած է ան:

Փաշինեանը աւելցուցած է, որ իր համար հոգեւոր արժէքները, հոգեւոր կեանքը, հոգեւոր բովանդակութիւնը չափազանց կարեւոր են, եւ այն կը համարուի իր քաղաքական գործունէութեան եւ կեանքի անբաժանելի մասը: Ես ընդհանրապէս կը համարեմ, որ քաղաքական գործունէութիւնը ինծի համար իմաստ չէր ունենար, եթէ այդ շատ կարեւոր բաղադրիչը տեղ չզբաղցնէր այդ գործունէութեան մէջ:

Բաց եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, մեր պետութեան եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, առկայ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հանարաւորութիւններուն, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ հանրութեան մօտ հնչեղութիւն ունեցող թեմաներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment