Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2019-ին ԱՄՆ Կառավարութեան Աջակցութիւնը Հայաստանին Աճած Է 40 Տոկոսով

2019-ին ԱՄՆ Կառավարութեան Աջակցութիւնը Հայաստանին Աճած Է 40 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը կը յայտնէ, որ 2019-ի ընթացքին ԱՄՆ կառավարութեան աջակցութիւնը Հայաստանին շարունակած է աւելնալ: Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը հաղորդէ, այս տարի անիկա կազմած է 60 միլիոն ԱՄՆ տոլար, որ նախորդ տարուան համեմատ 40 տոկոսով աւելի է:

Այս ֆինանսաւորումը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ տնօրինուող ծրագիրներէն զատ, կը ներառէ նաեւ ԱՄՆ ուժանիւթի, անտառային ծառայութեան եւ պաշտպանութեան բաժանմունքներու ծրագիրները:

ԱՄՆ կառավարութիւնը այս միջոցներով աջակցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներու, մասնաւորապէս` փտածութեան դէմ պայքարի, անվտանգութեան, ուժանիւթի, կրթութեան, անգլերէնի ուսուցման, անտառային ծառայութիւններու, մարդու իրաւունքներու, քաղաքացիական հասարակութեան, եւ պետական կառավարման թափանցիկ ու հաշուետու հաստատութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ` իրաւապահ, արդարադատութեան եւ դատաիրաւական ոլորտներու մէջ:

«միացեալ Նահանգները վերջին 27 տարիներուն աջակցած է Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ հաստատութիւններու  զարգացման, եւ մենք մտադիր չենք փոխել ատիկա յատկապէս այժմ, երբ ժողովրդավարութիւնը, նախկինէն աւելի ամուր է Հայաստանի մէջ: Նոյն այս պատճառով ալ հպարտութեամբ կը փաստենք, որ այս տարի աջակցութիւնը կը կազմէ աւելի քան 60 միլիոն ԱՄՆ տոլար», – կը նշուի Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսի:

1992-էն սկսած Միացեալ Նահանգները Հայաստանի յատկացուցած է աւելի քան 2 միլիառ ԱՄՆ տոլարի աջակցութիւն` բարելաւելու ժողովուրդի կենսապայմանները եւ աջակցելու  ժողովրդավարական, տնտեսական եւ ընկերային կառավարման ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment