Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ Հնարաւոր Է Յետաձգուի

Էրտողանի Այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ Հնարաւոր Է Յետաձգուի

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի այցելութիւնը Ուաշինկթըն հնարաւոր է յետաձգուի: Այն նախատեսուած էր յաջորդ շաբաթ: «Արմէնբրես»ի հաղորդմամբ, «Ռոյթըրս»-ը կը տեղեկացնէ, որ այն կ’ըլլայ ի նշան բողոքի՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ:

Էրտողանը Ուաշինկթըն պէտք է ըլլար Նոյեմբեր 13-ին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով, սակայն նախորդ շաբաթ յայտարարած է, որ քուէարկութիւնը հարցականի տակ կը դնէ յետագայ նախագիծերը:

ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատէն ներս Հոկտեմբեր 29-ին կայացած քուէարկութեան արդիւնքով ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը։ Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրէսականներէն կողմ քուէարկած է 405-ը, դէմ՝ 11-ը, ձեռնպահ՝ 3-ը, իսկ 14 քոնկրէսական չէ քուէարկած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment