Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զոհրապ Մնացականեան. «Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Հարցի Վերաբերեալ Փակուղի Չենք Տեսներ»

Զոհրապ Մնացականեան. «Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Հարցի Վերաբերեալ Փակուղի Չենք Տեսներ»

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցի վերաբերեալ փակուղային իրավիճակ չի տեսներ: Միեւնոյն ժամանակ նախարարը ընդգծած է՝ չի կրնար ըլլալ իրավիճակ, երբ կողմերէն մէկը առաւելապաշտական դիրքորոշումներով փորձէ ստանալ ամէն ինչ, իսկ միւսը՝ ոչ, այդ ճանապարհն է, որ փակուղի պիտի տանի:

Զոհրապ Մնացականեանի փոխանցմամբ՝ յառաջիկային 2 երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում չի նախատեսուիր, փոխարէնը շատ շուտով պիտի հանդիպին արտաքին գործոց նախարարները:

ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը տեղեկացուցած էր, Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 5-6 դեկտեմբերին, Պրաթիսլաւայի մէջ, ուր պիտի կայանայ ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու հերթական նիստը:

«Ազատութեան» հարցին, թէ ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ բանակցային գործընթացին մէջ, մասնաւորապէս՝ գործընթացի վրայ ազդեցութիւն ունեցա՞ծ է Հայաստանի վարչապետի՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը միանշանակ չէ ընդունած, նախարարը պատասխանած է. – «Մենք թիրախային եւ նպատակաուղղուած աշխատում ենք բանակցային գործընթացի մէջ, բոլոր այն դիրքորոշումները, որոնցով հանդէս ենք գալիս, վստահ եմ, որ առաւել քան ծանօթ են ձեզ, որովհետեւ բազմիցս ենք խօսում դրանց մասին, եւ այդ բոլոր համադրութիւններով հանդերձ աշխատում ենք բանակցային գործընթացում, աշխատում ենք շատ թիրախային, եւ հետեւողական այդ հանդիպումները երբեւէ չենք դանդաղեցրել, երբեւէ չենք ձգձգել գործընթացը»։

Նախարարը յիշեցուցած է, որ վերջին հանդիպումը կայացած է Սեպտեմբերին, եւ նախարարներու մակարդակով յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ շատ շուտով. – «Ներկայիս պահի դրութեամբ դեկավարների մակարդակով դեռեւս չենք ծրագրում, բայց կարող է ամէն ինչ էլ լինել, ցանկացած ուղղութեամբ զարգանալ, եթէ անհրաժեշտ լինի դա, եւ կան որոշակի պայմանաւորուածութիւններ, գաղափարներ՝ ղեկավարների մակարդակով, թէ ինչպէս կարելի է հանդիպումները կազմակերպել, այդ առումով գործ ունենք անելու։ Որ ամենակարեւորն է, մենք այդ գործի մէջ ունենք մեր շատ յստակ դիրքորոշումները, որոնք ուղղուած են հետեւեալին՝ ապահովել այնպիսի ձեւաչափ, այնպիսի դաշտ, որտեղ համադրելի են կողմերի պարտաւորութիւնները։ Չի կարող լինել իրավիճակ, երբ կողմերից մէկն առաւելապաշտական դիրքորոշումներով փորձի ստանալ ամէնը, իսկ միւսը՝ ոչ, սա փակուղի է տանելու»,- աւելցուցած է ան։

«Ազատութեան» միւս հարցին, թէ դատելով կողմերու յայտարարութիւններէն՝ հիմա փակուղային իրավիճակ չկա՞յ, նախարարը բացասական պատասխան տուած է՝ հիմա փակուղի չկայ։ «Համենայնդէպս այն, ինչ մեզ է վերաբերում, մենք որեւէ փակուղի չենք տեսնում, մենք շարունակում ենք շատ հանգիստ եւ սառնասիրտ աշխատել, որովհետեւ սա աշխատանք է, որը պէտք է արուի, սա վերաբերում է մեր անվտանգութեանը, մեր տարածաշրջանի անվտանգութեանը, խաղաղութիւնը հաստատելուն», – շեշտած է Մնացականեանը:

Ըստ Զոհրապ Մնացականեանի, այս առումով զգացմունքային դաշտի մէջ աշխատիլը լուրջ չէ, ինչպէս նաեւ անպատասխանատու է։

Հարցին, թէ արդեօք Ատրպէյճանի կողմէ կը տեսնէ այդ կառուցողական մօտեցումը, ԱԳ նախարարը արձագանգած է այսպէս. «Յոյսով եմ, որ այդ կամքը նոյնպէս ի յայտ կը բերուի եւ կը դրսեւորուի աւելի արտայայտուած ձեւով միւս կողմից»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment