Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ. ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Ընդունումը Նոր Թափ Կը Հաղորդէ Գործընթացին

Վարչապետ. ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Ընդունումը Նոր Թափ Կը Հաղորդէ Գործընթացին

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման:

«Կարծում եմ, որ սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործում եւ, անշուշտ, նոր թափ կը հաղորդի այդ գործընթացին», – ըսած է ան:

Այս կապակցութեամբ վարչապետը իր գնահատանքի խօսքերը ուղղած է սփիւռքի մէջ, տուեալ պարագային՝ ԱՄՆ-ի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն, որոնք տասնեակ տարիներ հետեւողականօրէն աշխատած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու համար ԱՄՆ-ի եւ տարբեր երկիրներու մէջ:

«Գործնականում այս որոշումը երկար տարիներ հասունացել էր, որովհետեւ ԱՄՆ-ի գրեթէ բոլոր նահանգները նահանգային մակարդակում արդէն իսկ ճանաչել էին Հայոց ցեղասպանութիւնը, ու սա դարձաւ այդ գործընթացի գագաթնակէտն ու բարձրակէտը», – շեշտած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական խումբի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի բոլոր այն անդամներուն, որոնք կողմ քուէարկած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին։

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 30-ին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ճանչցած է մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Օրէնսդիր մարմնի երկու ճամբարներու` հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու հեղինակած թիւ 296 բանաձեւը ընդունուած է 405 կողմ, 11 դէմ ձայներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment