Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ռուսական «Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ չէ նշած կազի այն գինը, որու շուրջ այսօր կ’ընթանան հայ-ռուսական բանակցութիւնները: Ան շեշտած է, որ այս հարցով բանակցութիւնները ունին դաշնակցային բնոյթ, քանի որ կը բանակցին դաշնակիցներ, Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկու երկիրներ:
«Եկէք, ես չխօսիմ թիւերու մասին, կարեւորը բովանդակութիւնն է, ոչ թէ թիւերը», – ըսած է Փաշինեանը՝ համոզմունք յայտնելով, որ այդ հարցը կը լուծուի:
Դիտարկման, թէ ԵԱՏՄ-ի մէջ կայ դիտորդի հիմանրկ, առաջին դիտորդ երկիրը Մոլտովան է, իսկ եթէ Ատրպէյճանը ըսէ, որ ինք կ’ուզէ դիտորդ դառնալ, ինչպիսի՞ն կ’ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշումը, Փաշինեանը այսպէս արձագանգած է. – «Թող ըսէ, յետոյ կը տեսնենք»: Հարցին, թէ «այսինքն՝ սկիզբէն ոչ պիտի չըսէք», ՀՀ վարչապետը պատասխանած է. «Երբ կ’ըսի, այն ժամանակ ալ կը քննարկենք: Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները գաղտնիք չեն, այնպէս որ այս պահի դրութեամբ ես ընդհանրապէս չեմ ուզեր այդ քննարկել»:
Ատրպէյճանին Ռուսաստանի եւ Պելառուսիայի կողմէն զէնք վաճառելու հարցի մասին Փաշինեանը ըսած է՝ սա ՀԱՊԿ-ի խնդիրն է:
Հայաստանի մէջ կենսաբանական տարրալուծարաններու մասին հարցի վերաբերեալ խօսելով՝ ան նկատած է, թէ հայկական եւ ռուսական կողմերը այսօր կ’աշխատին յուշագրի շուրջ: Փաշինեանը աւելցուցած է, որ այդ տարրալուծարանները սպառնալիք չեն պարունակեր Ռուսաստանի համար, քանի որ չունին ռազմական նշանակութիւն: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ ամերիկեան նիւթական օգնութեան շնորհիւ ստեղծուած այդ տարրալուծարանները ուղղուած են Հայաստանի կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման:
«Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ Սուրիոյ հիւսիսը՝ Գամիշլի քաղաքին մէջ, հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ապագային եւս անոնց անվտանգութիւնը պահպանելու մասին պայմանաւորուածութեան համար:
«Քոմերսանթ»-ի լրագրողը յիշատակած է նաեւ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հարցազրոյցը բրիտանական BBC-ի Hard talk հաղորդաշարին՝ նշելով, որ խօսակցութիւնը այն մասին էր, թէ որ ճանապարհը ընտրած է Հայաստանը՝ Եւրոպա՞ն՝ իր արժէքներով եւ սկզբունքներով, թէ՞ Փութինի ԵԱՏՄ-ն: Փաշինեանը ընդգծած է, որ Հայաստանը նման ընտրութեան առաջ կանգնած չէ, քանի որ ԵԱՏՄ անդամ է, ունի համաձայնագիր Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին: Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանը դէմ չէ Հայաստանի համագործակցութեան Եւրոմիութեան հետ, եւ ԵՄ-ն ալ դէմ չէ Հայաստանի ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան :
Հարցազրոյցէն յայտնի դարձած է, որ եկող տարուան առաջին կէսին Փաշինեանը պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ռուսաստան, իսկ Փութինըª երկրորդ կէսին Հայաստան: