Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ներխուժած Են Nouvelles d’Arménie Ամսագրի Խմբագրութիւն, Տարած Են Համակարգիչներ

Ներխուժած Են Nouvelles d’Arménie Ամսագրի Խմբագրութիւն, Տարած Են Համակարգիչներ

by MassisPost

Փարիզի մէջ անյայտ անձինք ներխուժած են ֆրանսալեզու Nouvelles d’Arménie ամսագրի խմբագրութիւն եւ տարած երեք համակարգիչ ու մէկ լուսանկարչական սարք։

«Համակարգիչները, որոնք էական շուկայական արժէք չունէին, սակայն կը պարունակէին ամսագրի յաջորդ թիւի նիւթերը, ինչպէս նաեւ որոշ զգայուն տեղեկատւութիւն (հասցէներ, տուեալներ, հարցազրոյցներ եւ այլն)։ Խմբագրութեան դուռը եւս կոտրուած էր», -ըսուած է այս կապակցութեամբ Nouvelles d’Arménie-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը դատապարտած է տեղի ունեցածը՝ այն գնահատելով որպէս «ոտնձգութիւն խօսքի ազատութեան նկատմամբ»։

Ֆրանսալեզու հայկական Nouvelles d’Arménie պարբերականը աշխոյժօրէն կը լուսաբանէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, իսկ վերջին շրջանին նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններուն առնչուող թեմաներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment