Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վլատիմիր Կարապետեանը Անիմաստ Կը Համարէ Հրայր Թովմասեանի Նկատմամբ Ճնշումներու Մասին Խօսիլը

Վլատիմիր Կարապետեանը Անիմաստ Կը Համարէ Հրայր Թովմասեանի Նկատմամբ Ճնշումներու Մասին Խօսիլը

by MassisPost

Հայաստանի Վարչապետի մամլոյ խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը անհիմն կը համարէ այն յայտարարութիւնները, թէ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի դիմումի քննութիւնը Բարձր դատարանի կողմէ մերժուելէ ետք Թովմասեանի նկատմամբ ճնշումներ կը գործադրուին։

«Եթէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ինչ-որ հարցեր ունի քորուպցիայի խնդիրների վերաբերեալ, ապա ես որեւէ խնդիր չեմ տեսնում: Այդ մարմինը կարող է իւրաքանչիւր անձի դիմել հարցերով: Գործողութիւնները այս մակարդակում են այս փուլում իրականացւում, եւ ճնշումների մասին խօսելը պարզապէս անիմաստ է», – ըսած է Կարապետեան։

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները անցած շաբաթ այցելած էին Թովմասեանի հայրական տուն: ԱԱԾ գործողութիւնը մեկնարկած էր նոյն օրը, երբ ԱԺ պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի դիմումի հիման վրայ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը պետական իշխանութիւնը իւրացնելու յօդուածով քրէական գործ յարուցած էր: Պապաճանեանը կը պնդէ, որ Թովմասեանը իւրացուցած է Սահմանադրական Դատարանի նախագահի պաշտօնը՝ յանցաւոր ծրագիրներ կիրառելով:

հրաւիրուած էին Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն՝ բացատրութիւն տալու յարուցուած  քրէական վարոյթի շրջագիծէն ներս։

ՅՔԾ-ն անցեալ Հինգշաբթի օր  ՀՀԿ գրասենեակի եւ Ազգային Ժողովի մէջ քննչական գործողութիւններ իրականացուցած էր։ Յատկապէս այդ գործողութիւններէն ետք նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները սկսան յայտարարել, թէ ՍԴ նախագահի դէմ ճնշումներ կը գործադրուին։

Հանրապետականի խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը Թովմասեանի շուրջ ծաւալող դէպքերը համեմատած է սթալինեան բռնաճնշումներուն հետ։

Վարչապետի մամլոյ քարտուղարը ցինիզմ որակած է ՀՀԿ խօսնակի մեկնաբանութիւնը․ – «Իրենք շատ լաւ գիտեն ով է Հրայր Թովմասեանը, իրենց գաղափարակիցն է՝ շատ լաւտեղեակ այն յանցագործութիւնների շարքի մասին, որ այն ժամանակ տեղի է ունեցել, եւ արել են հենց այդ կուսակցութեան շատ ներկայացուցիչներ: Դրանով է պայմանաւորուած իրենց աջակցութիւնը իրենց, այսպէս ասած, վերջին մոհիկանին»:

Կարապետեանը ընդդիմախօսներուն խորհուրդ տուած է վերյիշել, թէ իրենք ինչ քայլերու գացած են, որպէսզի Հրայր Թովմասեանը ընտրուի ՍԴ նախագահ։

Ըստ վարչապետի մամլոյ խօսնակի, քաղաքական ճնշումներ գործադրուած են նախկին իշխանութիւններու տարիներուն, երբ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ կը բանտարկուէին․ – «Յիշեն այն հետապնդումների, այն հարիւրաւոր քաղբանտարկեալների մասին, որոնք այն իշխանութեան ժամանակ եղել են, եւ Հրայր Թովմասեանը եւ ընկերները դրա մասին որեւէ խօսք չեն ասել եւ փաստօրէն ամբողջութեամբ սատարել են այդ բռնատիրական ռեժիմին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment