Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բռնութեան Սպառնալիքները Տեղ ՊԷտք Չէ Ունենան Հայաստանի Մէջ

Բռնութեան Սպառնալիքները Տեղ ՊԷտք Չէ Ունենան Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Արցախի Հերոսի կոչումին արժանացած, մինչեւ վերջերս Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը վարող, իսկ ներկայիս Արցախի նախագահի պաշտօնին համար թեկնածութիւնը առաջադրած՝ Վիթալի Բալասանեան հրապարակային իր յաճախակի ելոյթներով կը շարունակէ ապականել մեր զոյգ հանրապետութիւններու ներքաղաքական մթնոլորտը ու վտանգել ներքին միասնականութիւնը:

Ստեփանակերտի մէջ իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ան դարձեալ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուց Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին՝ Հայաստանի վարչապետը նմանցնելով Հիթլերին, զինք կոչելով՝ «դաւաճան», «օտար գործակալ», «Ալիեւի հետ մեղսակից» եւ այլ ծանր յանցանքներու մէջ:

Բալասանեանի այս որակումները կը յաջորդէին օրեր առաջ անոր կատարած նոյնանման սակայն աւելի ծանրակշիռ ու վտանգաւոր մէկ այլ յայտարարութեան ուր ան ըսած էր. «2016 թուականին ներեցինք այդ ահաբեկիչներին (ակնարկը Սասնայ Ծռերու գործողութեան մասին է), հիմա յայտարարում եմ, որ ֆիզիկապէս ոչնչացնելու ենք նրանց, ովքեր կը փորձեն ոտնձգութիւն անել իմ, մեր ժողովրդի, մեր պետութեան, պետականութեան, սահմանների, Արցախի իշխանութիւնների նկատմամբ»: Այս հարցազրոյցի տեսագրութիւնը այժմ կը քննուի Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ, նկատի ունենալով որ հոն կան յստակ սպառնալիք ժողովուրդի ձայներով ընտրուած երկրի ղեկավարի հասցէին:

Բալասանեանի յայտարարութիւնները ըստ երեւոյթին քաջալերած են Արցախեան պատերազմի մէկ այլ մասնակից՝ «Թալին» ջոկատի հրամանատար Սարգիս Կարապետեանին, որ ըսած է.«ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ԹՈՒՐՔԵՐԻ ՁԵՌՔՈՎ ԿՈՏՈՐՈՒԵՆՔ, ՔԱՆ ՆԻԿՈԼԻ ՁԵՌՔՈՎ ՓՐԿՈՒԵՆՔ: ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ԱՒԵԼԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է, ՔԱՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ԲԱՆԱԿՆԵՐԸ ՄԻԱՍԻՆ ՎԵՐՑՐԱԾ»: Թրքական բանակի Սուրիա ներխուժման օրերուն նման ելոյթներով հրապարակ եկողները երեւի չեն անդրադառնար իրենց խօսքերու ծանրութեան ու հաւանական հետեւանքներու մասին:

1999-ին Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութեան 20-ամեակի նախօրեակին, «ֆիզիկական ոչնչացման» մասին յայտարարութիւններուն պէտք է մօտենալ շատ լրջօրէն: Արդարեւ Ազգային Ժողովի վրայ յարձակման նախորդող շրջանին եւս, ահաբեկչութեան պարագլուխ՝ Նայիրի Յունանեան նման մեղադրանքներ ու սպառնալիքներ կը հնչեցնէր Վազգէն Սարգսեանի հասցէին: Բոլորս գիտենք թէ, ուր հասան այդ սպառնալիքները:

Այս տողերը գրելու պահուն հաղորդուեցաւ որ, իր պաշտօնէն ազատուած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պետական ապահովութեան պետ Գրիգորի Հայրպետովը, որ երկար տարիներ եղած է Ռոբերդ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի գլխաւոր թիկնապահը: Ան իր ներկայի պաշտօնով ղեկավարն էր նաեւ վարչապետի թիկնապահներու խումբին: Այս փոփփոփոխութիւնը կապ ուն՞ի վերը նշուած սպառնալիքներուն հետ թէ ոչ, դժուար է ըսել այժմ: Սակայն, ինչ որ ալ ըլլան պարագաները՝ բռնութեան մասին ելոյթները տեղ պէտք չէ ունենան մեր հասարակութեան մէջ ու դատապարտուին բոլորի կողմէ: Արդարեւ, հետեւանքները կրնար ըլլալ անկանխատեսելի եւ ինչպէս որ ըսած է ԲՀԿ-եական ընդդիմադիր պատգամաւորը՝ «Գերադասելի Է որ, նախկին իշխանութիւնը աւելի զուսպ ըլլայ: Հնարաւոր Է՝ յեղափոխութեան 2-րդ ալիքը սրբէ տանի բոլորին»:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment