Ալան Գոգբաշեանը պիտի չստանձնէ Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանի պաշտօնը, կը հաղորդէ Երեւանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանութիւնը:
«Պրն. Ալան Գոգբաշեանը չի ստանձնի Նորին Մեծութեան դեսպանի պաշտօնը Երեւանում՝ ելնելով գործառնական հանգամանքներից։ Պրն. Գոգբաշեանն անցնելու է դիւանագիտական ծառայութեան մէկ այլ աշխատանքի։ Գործերի ժամանակաւոր հաւատարմատար է նշանակուել պրն. Տեյվիտ Մորանը՝ դեսպանի աստիճանով, որը կը պաշտոնավարի մինչեւ նոր դեսպանի նշանակումը», – հաղորդած է դեսպանատունը իր ֆէյսպուքեան էջին՝ այլ մանրամասներ չփոխանցելով:
Տեյվիտ Մորանը բրիտանական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան համաշխարհային տնտեսական հարցերու վարչութեան ղեկավարն է: Ան Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կ’աշխատի 1985 թուականէն, եղած է Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանը Զուիցերիոյ, Ղազախստանի, Ուզպեքստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Երկու ամիս առաջ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Սեպտեմբերէն Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանը պիտի ըլլայ 45-ամեայ հայազգի դիւանագէտ Ալան Անդրանիկ Գոգբաշեանը: