Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊՀ Երկիրները Ռազմավարական Տնտեսական Համագործակցութեան Հռչակագիր Ընդունած են

ԱՊՀ Երկիրները Ռազմավարական Տնտեսական Համագործակցութեան Հռչակագիր Ընդունած են

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Աշխապատ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցած է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մաս կազմող պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ արարողակարգային համատեղ լուսանկարահանումէն ետք տեղի ունեցած է ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը՝ նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով։ Նիկոլ Փաշինեանը հանդէս եկած է ելոյթով:

Նիստի ժամանակ ընդունուած է ԱՊՀ պետութիւններու Ռազմավարական տնտեսական համագործակցութեան մասին հռչակագիրը։ Ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր՝ 1941–1945 թուականներու Հայրենական Մեծ պատերազմին խորհրդային ժողովուրդի յաղթանակի 75-ամեակի կապակցութեամբ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու՝ ԱՊՀ ժողովուրդներուն եւ միջազգային հանրութեանն ուղղուած համատեղ ուղերձը, Ազատազրկման հետ չկապուած պատիժներու կատարումը փոխանցելու մասին համաձայնագիրը, 2020-2022 թուականներուն ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան այլ բռնի դրսեւորումներու դէմ պայքարի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու համատեղ յայտարարութիւնը տիեզերական տարածութեան մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքի կանխարգելման ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկման աջակցելու վերաբերեալ։ Թուրքմենստանի նախագահ Կուրպանկիւլի Պերտիմուհամետովը պարգեւատրուած է ԱՊՀ երկիրներու միջպետական մարդասիրական համագործակցութեան զարգացման յուշամետալով։

Նիստին որոշում ընդունուած է 2020 թուականին ԱՊՀ-ի մէջ նախագահութիւնը փոխանցել Ուզպեքստանին եւ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը իրականացնել այդ երկրին մէջ։

Հայաստանի վարչապետը նաեւ մասնակցած է Թուրքմենստանի նախագահի անունով տրուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Թուրքմենստան աւարտած է։ Կառավարութեան ղեկավարը վերադարձած է Երեւան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment