Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններու Զարգացումներուն

Հայաստան Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններու Զարգացումներուն

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) գրասենեակին մէջ իրաւասու մարմիններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած են քննարկումներ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական ներխուժման հետեւանքով հայկական բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

«Անվտանգութեան խորհրդի գրասենեակը ուշադրութեամբ հետեւում է Սիրիայի հիւսիս-արեւելքում ծաւալուող իրադարձութիւններին, միաժամանակ մշակւում են հնարաւոր զարգացումներին արձագանգելու տարբերակներ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով», -ըսուած է ԱԽ գրասենեակի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիան Չորեքշաբթի օր ռազմական գործողութիւններ սկսաւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ: Հայաստանը դատապարտեց Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment