Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քիմ Քարտաշեանը Մտադիր Է Հայկական Ծաղիկներու Բոյրով Օծանելիք Ստեղծել

Քիմ Քարտաշեանը Մտադիր Է Հայկական Ծաղիկներու Բոյրով Օծանելիք Ստեղծել

by MassisPost

Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը մտադիր է հայկական ծաղիկներու բոյրով օծանելիք ստեղծել: Այս մասին  WCIT 2019 արհեստագիտական համաշխարհային համաժողովին իր ելոյթի ժամանակ ըսած է Քարտաշեանը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանէն պիտի հեռանայ չորս նոր գաղափարով:

«Երէկ Հայաստանի փողոցներով երթեւեկելու ժամանակ շատ ոգեշնչուեցայ: Յառաջիկային Հայաստանի հետ կապուած մեծ նորութիւններ պիտի ըլլան: Կը մտածեմ ստեղծել հայկական ծաղիկներու բոյրով օծանելիք, ատկէ բացի, գեղեցկութեան հետ կապուած մեծ նախագիծի մասին կը մտածեն: Հայաստան այցը ինծի շատ ոգեւորեց»,-ըսած է ան:

Քարտաշեանը նշած է, որ այս համաժողովը իրեն համար շատ լաւ արդարացում էր` Հայաստան գալու համար։ Ըսած է, որ երբ իմացած  է համաժողովի մասին, սիրով համաձայնած է մասնակցիլ: «Այնքան յուզուած եմ եւ շնորհակալ եմ, որ այստեղ եմ, նաեւ հպարտ եմ, որ հնարաւորութիւն ունեցայ երեխաներս այստեղ մկրտելու»,- նշած է ան: Անդրադառնալով ընկերային մետիայի ազդեցութեան թեմային՝ ան նշած է, որ պարզապէս կ’ապշի՝ տեսնելով, թէ որքան հնարաւորութիւններ կու տայ ընկերային մետիան այսօր: Ան աւելցուցած է, որ հետեւորդներու թիւին չի նայիր, թիւերը աւելի շատ պիզնեսի մէջ կը հետաքրքրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment