Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկան Անվստահելի Դաշնակից՝ Ոչ միայն Քիւրտերուն Համար

Ամերիկան Անվստահելի Դաշնակից՝ Ոչ միայն Քիւրտերուն Համար

by MassisPost

Անցեալ Կիրակի երեկոյ Սպիտակ Տունը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, յայտարարելով թէ, ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռէճեփ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան հիման վրայ, Թրամփ որոշած է Ամերիկեան զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն, այդպիսով կանաչ լոյս բանալով թրքական կողմին ներխուժելու Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Քրտական ուժերու հսկողութեան տակ:

Ըստ երեւոյթին Թրամփ այս որոշումը կայացուցած է առանց խորհրդակցելու ազգային ապահովութեան մասնագէտներուն եւ կամ բանակի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ: Անակնկալ այս որոշումը մեծ փոթորիկ յառաջացուց քաղաքական եւ զինուորական շրջանակներու մօտ, որոնց կարծիքով նման որոշում մը ոչ միայն Ամերիկայի դաշնակից՝ քրտական ուժերու նկատմամբ ջարդ իրագործելու առիթ կու տայ Թուրքիոյ, այլեւ ճամբայ կը բանայ «Իսլամական պետութեան»՝ վերադառնալու այդ շրջանները՝ վտանգելով Ամերիկայի ազգային ապահովութիւնը:

Թրամփի այս որոշումին դէմ բուռն կերպով կը բողոքեն ու կատարուածը քիւրտերու նկատմամբ դաւաճանութիւն կը նկատեն Հանրապետական ու Դեմոկրատ Գոնկրեսականներ՝ հաւասարապէս: Բոլորն ալ կը շեշտեն որ, այսպիսով Ամերիկան կը դառնայ անվստահելի դաշնակից, բոլոր անոնց համար, որոնք յոյս պիտի դնէին Ամերիկայի վրայ:

Երկար ժամանակէ ի վեր Էրտողան կը Փորձէր համոզել Թրամփին, որպէսզի Ամերիկեան փոքրաթիւ ուժերը հեռացնէ քրտական շրջաններէն, որպէսզի Թուրքիան կարողանայ «ապահովութեան գօտի» ստեղծել Սուրիոյ հետ սահմանի երկարութեան:

Թրամփ իր այս քայլով եկաւ անգամ մը եւս յիշեցնելու որ Արեւմուտքը վստահելի դաշնակից չի կրնար ըլլալ փոքր ազգերու համար: ինչպէս 1921-ին ըրաւ Ֆրանսան, Հայկական Կիլիկեան յանձնելով Քեմալական ուժերուն, նոյնը կ՛ընէ այսօր Ամերիկան: Քիւրտերը եղան գլխաւոր կռուող ուժը «Իսլամական պետութեան» դէմ Ամերիկայի մղած պատերազմի ընթացքին, իսկ այժմ անոնք կը յանձնուին թրքական զօրքերու ողորմութեան:

Այս զարգացումները պէտք է առիթ դառնան դասեր քաղելու ու եզրակացութիւններ կատարելու նաեւ Հայաստանի «Արեւմտամէտ» այն շրջանակներուն համար, որոնք կ՛ուզեն Հայաստանը հեռացնել ռուսաստանէն ու մեր ժողովուրդի ճակատագիրը կապել Ամերիկային եւ կամ ՆԱԹՕ-ին: Որքան ալ դժգոհութիւններ ունենանք Ռուսաստանի որոշ քայլերուն նկատմամբ, սակայն ան կը մնայ մեր ամենէն վստահելի ռազմավարական դաշնակիցը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան գալով առաջին օրէն յայտարարեց որ, Հայաստանի ռազմաքաղաքական ուղղուածութիւնը ենթակայ չէ փոփոխութեան:

Եւրոպան կրնայ լաւ գործընկեր ըլլալ Հայաստանին, սակայն ի վիճակի չէ երաշխաւորել անոր սահմաններու ապահովութիւնը, իսկ վերջին զարգացումները կու գան անգամ մը եւս փաստելու, որ հեռաւոր Ամերիկան վստահելի դաշնակից չի կրնար դառնալ՝ նաեւ Հայաստանի Համար:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment