Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 1–ին հանդիպած է ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը, քննարկուած են Արցախ-ԱՄՆ կապերուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Բակօ Սահակեանը բարձր գնահատած է քոնկրէսական Փալոնի գործունէութիւնն` ուղղուած հայկական հարցի եւ արցախեան հիմնախնդրի արդարացի լուսաբանմանն ու սատարման՝ նշելով, որ Արցախի մէջ անոր նկատմամբ կը տածեն անկեղծ յարգանք: