Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապատեղակատութեան Փուչիկները կը Պայթին` Մէկ Առ Մէկ

Ապատեղակատութեան Փուչիկները կը Պայթին` Մէկ Առ Մէկ

by MassisPost

Հայաստանի նախկին մերժուած ռեժիմի ներկայացուցիչները ու անոնց ազդեցութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցները կը շարունակեն իրենց ապատեղակատութեան արշաւը Հայ ժողովուրդի դէմ: Մինչ Փաշինեանի իշխանութիւնը զբաղած է երկրի տնտեսութեան վերականգմաբ, բանակի հզօրացմամբ, կորուպցիայի դէմ պայքարով, Հանրապետական ու քոչարեանական ճամբարի կարկառուն դէմքերը լծուած են ներքին մթնոլորտը ապականելու արշաւի:

Վարչապետի Լոս Անճելըս եւ ապա Նիւ Եորք կատարած արդիւնաւէտ այցելութիւնները չմարսելով, անոնք կը փորձեն նսեմացնել այնպիսի իրողութիւններ, որոնք ժողովուրդը տեսաւ իր իսկ աչքերով: «Լոս Անճելըսի հաւաքի մասնակիցներու թիւը շատ քիչ էր, Ճաշկերոյթի տոմսերը չեն վաճառուած եւ համայնքի կազմակերպութիւններուն պարտադրուած սեղան առնել, Քալիֆորնիոյ կառավարիչը մերժած է հանդիպիլ Փաշինեանի հետ, Գոնկրէսի անդամները ներկայ չեն եղած հանդիպումներուն», այս են ընդդիմադիր մամուլի գլխաւոր նիւթերը, հակառակ որ, ըսուածներէն ոչ մէկը կը համապատասխանեն իրականութեան: Ընդհակառակը՝ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը իր հայկական եւ միջազգային տարողութիւններով մեծ յաջողութիւն էր Հայաստանի եւ մեր համայնքին համար:

Մեծ յաջողութիւն էր նաեւ այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրասեական Տնտեսական Միութեան գագաթի ժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էին եօթը երկիրներու ղեկավարներ: Իսկ ի՞նչ կը նախատեսէին նոյն մունետիկները՝ Ռուսաստանի նախագահը կրնայ չմասնակցիլ ժողովին, եթէ գալու ըլլայ ան կ՛ուզէ հանդիպում ունենալ բանտը գտնուող Քոչարեանի հետ, Փութինի այցը կարճ պիտի տեւէ եւ Փաշինեանի հետ առանձին հանդիպում ծրագրուած չէ: Մէկ խօսքով Ռուսաստանը խիստ դժգոհ է նոր իշխանութիւններէն: Շատ երկար սպասելու պէտք չեղաւ ու այս կանխատեսումները եւս փուչիկի նման պայթեցան անոնց երեսին: Ռուսաստանեան մամուլի համաձայն երեւանեան այս ժողովը ամենէն յաջողն էր ԵԱՏՄ-ի հնգամեայ պատմութեան մէջ:

Զգալի է որ, որքան ժամանակը անցնի, նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները այնքան աւելի ծանր կը տանին իրենց նախկին պաշտօններու ու դիրքերու կորուստը, որոնց շնորհիւ քսան տարի կողոպտեցին երկիրը ու ժողովուրդը մատնեցին աղքատութեան: Ըստ երեւոյթին, անոնք ունէին ներքին այն համոզմունքը, որ յեղափոխութեան խանդավառութիւնը շատ շուտ պիտի մարի ու իրենք դարձեալ պիտի վերադառնան իշխանութեան:

Ապատեղկատութեամբ ու յոռետես կանխատեսութիւններով Հայաստանի ժողովուրդը կողմնորոշելու բոլոր փորձերը մատնուած են ձախողութեան ու նախկին վարչակարգին կը մնայ ըլլալ աւելի իրատես, հաշտուիլ նոր իրողութիւններուն հետ ու իր ներուժը օգտագործել երկրի բարօրութեան համար:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment