Քոնկրէսական Ատամ Շիֆը յայտարարած է, որ իր համար պատիւ էր միանալ հայկական ծագմամբ հազարաւոր ամերիկացիներուն եւ Լոս Անճելոսի մէջ, ողջունել վարչապետ Փաշինեանը:
«Երեւանը կրնայ ըլլալ Հայաստանի մայրաքաղաքը, սակայն ես կը կարծեմ՝ բոլորը կը համաձայնին, որ Լոս Անճելոսը կը համարուի հայկական սփիւռքի մայրաքաղաքը: Քոնկրէսի իմ բազմաթիւ գործընկերներու եւ ամբողջ Լոս Անճելոսի մէջ իմ ընկերներուս հետ միասին մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յոյսով կը հետեւէի, թէ ինչպէս Հայաստանը Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ժողովրդավարական վերածնունդ վերապրեցաւ: Ելլելով այդ քաոսային իրավիճակէն՝ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումն ու ազատ ու արդար ընտրութիւններու իրականացումը ցոյց կու տան հայկական ժողովրդավարութեան ուժն ու կայունութիւնը: Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանը կը խորացնէ եւ կ’ամրապնդէ իր միջազգային կապերը: Հպարտ եմ, որ կը ներկայացնեմ նման մեծ հայ-ամերիկեան հանրութիւն ունեցող շրջանը եւ կը շարունակեմ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատանքները»,- Ֆէյսպուքի էջին գրած է Շիֆը: