Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կ՚այցելէ ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական Հարցերով Յանձնաժողովի Համանախագահ՝ Ֆրանք Փալոնը

Հայաստան Կ՚այցելէ ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական Հարցերով Յանձնաժողովի Համանախագահ՝ Ֆրանք Փալոնը

by MassisPost

Հայաստան է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնաժողովի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը, որուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ՝ Վեհափառը գնահատանքով անդրադարձ կատարած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ քոնկրէսական Փալոնի ներդրած հետեւողական ջանքերուն եւ Հայաստանի կողմէ յաղթահարուող դժուարութիւններու նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնաժողովի համանախագահը խօսած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի եւ քրիստոնէական համայնքներու նուազման խնդրի մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն, Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment