Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խանդավառութիւն եւ Պատասխանատուութիւն

Խանդավառութիւն եւ Պատասխանատուութիւն

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-ամեակին առթիւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եկաւ Լոս Անճելըս, խանդավառեց մեզ ու մեկնեցաւ: Հիմա ի՞նչ:

Նախ յստակացնենք, որ եթէ մեր համայնքէն որեւէ մէկը դոյզն կասկած իսկ ունէր Փաշինեանի վայելած համազգային ժողովրդականութեան վրայ, վստահաբար այդ ալ փարատեցաւ, ի տէս այն աննախընթաց ընդունելութեան, որուն ան արժանացաւ: Աննախընթաց, որովհետեւ Հայաստանի որեւէ ներկայացուցիչ ցարդ չէր արժանացած այսքան խանդավառ եւ խուռներամ ընդունելութեան: Այս ժողովրդային ընդունելութիւնը եկաւ անգամի մը համար եւս փաստելու, որ Փաշինեանի յաջողցուցած Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը նոր յոյս ու եռանդ ներարկեց ոչ միայն Հայաստանի բնակչութեան, այլեւ աշխարհասփիւռ հայութեան, ներառեալ մեր համայնքին: Այս երեւոյթը ինքնին, պէտք է համոզէ բոլորս, որ նախանձախնդիր ըլլանք այս շարժումի յաջողութեան, որովհետեւ վերադարձ նախկին իրավիճակին, պիտի նշանակէր համատարած յուսալքում, ծանրակշիռ հետեւանքներով:

Նախանձախնդիր ըլլալ չնշանակէր սխալներու ի տես աչք փակել, այլ՝ շինիչ քննադատութիւններով աչալուրջ հսկել, որ շարժումը չշեղի իր նպատակակէտերէն: ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Օգոստոս 1994-ին Լոս Անճելըս այցելութեան առթիւ մեր բարի գալուստի յօդուածին մէջ կը մէջբերէինք Կէօթէի մէկ արտայայտութիւնը՝  «իշխելը դիւրին է. կառավարելն է դժուար», ու կ’աւելցնէինք. «Օգտուեցէք այս պատմական առիթէն, ի մի համախմբելու մեր ժողովուրդի տաղանդները ու բոլորիս ներդրումով կառավարելու մեր պետութիւնը»: Նոյն յօդուածին մէջ, վեր առնելով 1988-ի շարժման բերած նպաստը մեր մտածողութեան յեղաշրջման մէջ, կը գրէինք, որ այդ շարժումը «եկաւ շեշտելու ազգային ինքնուրոյն մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը»: Նիկոլ Փաշինեանը 88-ի շարժման պտուղներէն է եւ խորապէս կ’ըմբռնէ այդ մտածողութեան կարեւորութիւնը: Իր իսկ բառերով՝ «Միթէ՞ հասկնալի չէ, որ մարդը կենդանուց տարբերւում է նրանով, որ ինքը, այսինքն՝ իւրաքանչիւր անհատ, պէտք է ունենայ իր ինքնուրոյն, անկրկնելի իւրօրինակ ճանապարհն ու ընտրութիւնը»:

Երբ վերլուծական ակնարկ մը կը նետենք մեր ազգի անցած յիսնամեայ ճանապարհին վրայ, կը նշմարենք երեք գլխաւոր շարժումներ, որոնք մեծ անդրադարձ ունեցան մեր հաւաքական մտածելակերպի ձեւաւորման եւ զարգացման մէջ:

Առաջինը՝ Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ 1960-ականներուն ծաւալած շարժումն էր, որ մեզ մղեց սգատօնի մտածելակերպէն անցնելու պահանջատիրութեան փուլին եւ անոր առթած հետեւանքներուն:

Երկրորդը՝ 1980-ական թուականներուն ծաւալած «Ղարաբաղեան» շարժումն էր, որ արդիւնաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով եւ Արցախի ազատագրումով: Դժբախտաբար, օտարի դարաւոր լուծէն մեր մէջ յամեցող հատուածական մտածողութիւնը խոչընդոտեց այդ շարժման առողջ զարգացումը: Վերեւ նշուած մեր յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Դժուար պիտի ըլլայ ձերբազատուիլ դարերու ընթացքին մեր մէջ տուն շինած այդ հօտային մտայնութիւնէն, սակայն անհրաժեշտ է արմատախիլ ընել այդ մէկը, եթէ կ’ուզենք, որ մեր նորահաստատ պետականութիւնը յարատեւէ»:

Երրորդը՝ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնն է, որ պէտք է շարունակէ 80-ականներու շարժման կէս մնացած առաքելութիւնը, ուժաւորելով ամէն մէկ անհատ: Նիկոլ Փաշինեանի բառերով՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի. Հայաստանի ապագան կախուած է մէկ մարդուց, եւ այդ մէկ մարդը դո՛ւ ես»: Օրին, Վազգէն Սարգսեանն ալ յայտարարած էր, որ «Լինում են պահեր, երբ մի քանի մարդուց է կախուած ժողովրդի ճակատագիրը»: Դժբախտաբար, Հոկտեմբեր 27-ն ցոյց տուաւ «մի քանի մարդու» մեծութեան կողքին, նաեւ դիւրաբեկութիւնը: Թաւշեայ Յեղափոխութեան «ինքնուրոյն մտածողութեան» շարժումը պէտք է ծաւալի ու վերածուի «ամէն մէկ մարդու» անսասանութեան:

Ժամանակը պատեհ առիթներ կը ստեղծէ ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին: Հայ ժողովուրդը շատ պատեհ առիթներ բաց թողած է ու այդ պատճառաւ հասած է այս օրուան, որ երբէք չի՛ համապատասխաներ իր ներուժին ու կարողականութեան: Ժամանակն է, որ զգաստանանք եւ ձեռքէ չտանք Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ ներկայացած այս առիթն ալ:

Խանդավառութիւնը սկզբնակէտն է որեւէ ծրագրի մեկնարկին: Ան շուտով կրնայ խամրիլ ու մարիլ, եթէ կարողութիւնը չունիս ներկայ խանդավառ վիճակիդ մէջ պատկերացնելու եւ ապրելու ապագայի տեսիլքդ: Կը խամրի, եթէ անհրաժեշտ գործնական քայլեր չես առներ իրականացնելու այդ ծրագիրդ, տեսիլքդ: Իսկ գործնական քայլեր կ’առնուին միայն, երբ կայ գործը յաջողութեամբ պսակելու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:

Փաշինեանի բառերով՝ «Իսկ ինչո՞ւ պէտք է դու քեզ պատասխանատու զգաս ապագայի առաջ: Որովհետեւ յետոյ, շատ յետոյ, հեռաւոր մի օր քո որդին, քո դուստրը, անարդարութիւնից, բռնութիւնից, ամենաթողութիւնից կոտրուած, յուսահատ, ի վերջոյ հարցնելու է քեզ.

– Հայրի՛կ (մայրի՛կ), իսկ դու ի՞նչ ես արել, որ ես աւելի լաւ երկրում ապրեմ, որ իմ իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանուած լինեն, որ ես ե՛ս լինելու հնարաւորութիւն ունենամ:

Միայն մի պատասխան կայ, որ քեզ կը փրկի քո զաւակների արհամարհանքից.

– Ես, զաւա՛կս, յանուն քո ապագայի արել եմ ինձնից կախուած ամեն ինչ»:

«Մենք այսօր կանգնած ենք ընտրութեան առաջ: Այսօր մենք կա՛մ պէտք է հայրենիք կերտենք մեր երեխաների համար, կա՛մ դաւաճանենք մեր երեխաներին»:

Ահա ա՛յս պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պէտք է գործենք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment