Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիւ Եորքի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Նիւ Եորքի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

by MassisPost

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ստեֆան Վիսքոնթիի, Էնտրիւ Շոֆերի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիքի մասնակցութեամբ:

Քննարկման ընթացքին հայկական կողմը կարեւոր համարած է զինադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեանն նպատակով նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման միջոցով:
Ատրպէյճանի տարածքին կալանքի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն առնչութեամբ՝ հայկական կողմը շեշտած է վերջիննե րուս հայրենադարձութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Կողմերը նախանշած են այս ուղղութեամբ յետագայ քայլերը, ինչպէս նաեւհամանախագահներու այցը տարածաշրջան եւ մօտ ժա մանակներս ԱԳ նախարարնե րու մակարդակով հերթական հանդիպման իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment