Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկ Յարութիւնեանի Մահուան Քրէական Գործով Հարցաքննուած են «Hayeli.am» եւ «Armlur.am» Կայքերու Խմբագիրները

Հայկ Յարութիւնեանի Մահուան Քրէական Գործով Հարցաքննուած են «Hayeli.am» եւ «Armlur.am» Կայքերու Խմբագիրները

by MassisPost

Նախկին ոստիկանապետ, Մարտ 1-ի գործով վկայ Հայկ Յարութիւնեանի մահուան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով վկայի կարգավիճակով հարցաքննուած են «Hayeli.am» եւ «Armlur.am» կայքերու խմբագիրները:

Անոնք հրաժարած են հարցաքննութեան ընթացքը տեսանկարահանելու վերաբերեալ նախաքննական մարմնի առաջարկէն եւ մէջբերելով «Զանգուածային լրատւութեան մասին» ՀՀ օրէնքի 5-րդ յօդուածը՝ չեն բացայայտած տեղեկատւութեան աղբիւրը: Քննիչի հարցին, որ դէպքին ականատես վկան, ծանօթանալով հրապարակումներուն, ժխտած է հրապարակումներուն մէջ ներկայացուած հանգամանքները, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հակասական տեղեկատւութեան վերաբերեալ դիրքորոշում չեն յայտնած եւ պարզաբանած են, որ իրենք ընդամէնը հրապարակած են իրենց աղբիւրներու յայտնած տեղեկատւութիւնը՝ կրկին հրաժարելով բացայայտել աղբիւրը:

Հայկ Յարութիւնեանի մահուան դէպքին ականատես վկան, ըստ Քննչական կոմիտէի, իր լրացուցիչ ցուցմունքին մէջ յայտնած  է, որ ԶԼՄ-ներուն դէպքի վերաբերեալ որեւէ տեղեկատւութիւն չէ յայտնած: Աւելին՝ ան վրդովմունք յայտնած է՝ ԶԼՄ-ներուն մէջ տեղ գտած ապատեղեկատւութեան վերաբերեալ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment