Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Մայիսէն Սեպտեմբեր 2019-ի Միջեւ $62 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Մայիսէն Սեպտեմբեր 2019-ի Միջեւ $62 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

Մայիսէն Սեպտեմբեր 2019-ի միջեւ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը աննախադէպ՝ $62 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը իր սեփական ջանքերով $62 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief կազմակերպութենէն ($59.5 միլիոն), Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Վարչութենէն ($360,000), MAP International կազմակերպութենէն ($9,000), եւ Row Հիմնարկէն ($2,500)։

Մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Project Agape ($97,000) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ($282,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան, Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան, ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին՝ Երեւան, Արաբկիր Մանուկներու Միացեալ Հիմնարկին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, City of Smile Հիմնարկին,  Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտին, Մանկաբարձային, Նորածնաբանական, եւ Կնաբանական Կեդրոնին, Մեծն Ներսէս Բարեգործական Կազմակերպութեան, Մուրացան Երեխաներու Ներզատաբանութեան (Endocrinology) Կեդրոնին, Հայաստանի Արիւնաբանական Կեդրոնին, եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին։

2019-ի առաջին ինը ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $67 միլիոն արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյքներ, եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Անցեալ 30 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $892 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,447 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին ձրիաբար եւ կանոնաւորապէս կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment