Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ներկայութեամբ` Կարօ Փայլանի «Մերժում» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը Փարիզի Մէջ

Ներկայութեամբ` Կարօ Փայլանի «Մերժում» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը Փարիզի Մէջ

by MassisPost

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Ալֆորվիլի «Փոլ Գիւլթիւրէլ»-ի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ՍԴՀԿ-ի, անոր եւրոպական կառոյցին՝ Armenian Council of Europe-ի եւ երիտասարդական կառոյցին՝ «Նազարբեկ»-ի կազմակերպած երեկոյթը, որ համախմբեց շուրջ 400 հանդիսականներ։

Ձեռնարկին յայտագիրը կը բովանդակէր ցուցադրութիւնը՝ թուրք մտաւորական, խմբագիր եւ բեմադիր Քատիր Աքընի «Red» խորագիրը կրող ժապաւէնին, որ թրքերէն «մերժում» իմաստով անուանուած է եւ ոչ թէ՝ անգլերէն «կարմիր»-ի իմաստով, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող քննարկում մը։

Անկասկած, երեկոյթին ամենէն նշանակալից երեւոյթը Կարօ Փայլանի ներկայութիւնն էր։ Հակառակ անոր, որ սկիզբէն նախատեսուած էր անոր մասնակցութիւնը, Թուրքիոյ քաղաքական ծանօթ իրադարձութիւնները (քրտամէտ քաղաքներու քաղաքապետերու պաշտօնազրկումը) պատճառ դարձած էին, որ Փայլան կամքէ անկախ յետքայլ ընէ ու յայտարարէ, որ պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ։ Բայց ինչպէս երեկոյթի ընթացքին պիտի տեղեկանայինք ֆիլմին բեմադիրին՝ Աքընի իսկ բերնէն,– որ Փայլանի կուսակից մըն է,– ան յաջողած էր կուսակցութեան ղեկավարներուն ալ նեցուկով՝ համոզել Փայլանը, որ գէթ արագ երթուդարձ մը կատարելով Փարիզ՝ անպայման մասնակցի սոյն ձեռնարկին։

KADIR-RED-PARIS

Ծայրէ-ծայր լեցուն սրահին մէջ ներկայ էին նաեւ Ալֆորվիլի նախկին քաղաքապետ, երեսփոխան Լիւք Գարվունաս, ներկայի քաղաքապետ Միշէլ Ժերշինովից, CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի ղեկավար դէմքեր, Ալֆորվիլի ծուխի քահանայ Տէր Տիրայր Գըլըճեան, վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան, ինչպէս նաեւ ֆիլմին բեմադիրը՝ Քատիր Աքըն։

Յաջորդաբար խօսք առին ՍԴՀԿ-ի Ֆրանսայի նախագահ Սարօ Մարտիրեան, Միշէլ Ժերշինովից, Լիւք Գարվունաս եւ հուսկ՝ Կարօ Փայլան։ Ան, ներկաները հայերէնով ողջունելէ ետք, իր խօսքը շարունակեց թրքերէն։ Ընդգծեց, որ երեկոյթին բուն աստղը Քատիր Աքընն է, բուն հերոսը, որ համարձակած է մե՛ր հարցին նուիրուած ֆիլմ պատրաստել։ Ակնարկելով Էրտողանի եւ անոր վարչակարգին՝ ըսաւ, թէ ճիշդ է որ այսօրուան Թուրքիան մութ պատկեր մը կը պարզէ, բայց ատոր կողքին կայ նաեւ լուսաւոր պատկեր մը, քանի որ միլիոնաւոր մարդիկ կը պայքարին անոնց դէմ։ Խօսեցաւ ոճիրներու պատժելիութեան կարեւորութեան մասին, ընդգծելով՝ որ չպատժուած ոճիրները կը կրկնուին եւ այսօր Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք թրքական պետութիւնը կը պատրաստուի գործադրել Քիւրտերու ցեղասպանութիւնը, ուստի կոչ ըրաւ շարժման լծուելու՝ ատոր արգելք հանդիսանալու համար եւ զօրակցելու՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ի խնդիր մղուող պայքարին։

Ապա կարգը եկաւ «Red» ժապաւէնի ցուցադրութեան։ Ֆիլմին նիւթը կը կազմէ ընդհանուր առմամբ՝ Թուրքիոյ մէջ ընկերավարական շարժումի հիմքը դնելու միտող հայկական շարժումներու, ի մասնաւորի հնչակեան հերոս, ազատատենչ Փարամազի պատմութիւնը։

red-1

Ցուցադրութենէն ետք Փայլանի, Մարտիրեանի եւ Աքընի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած քննարկումին՝ վերջինս պատմեց, թէ ինչպէս դիպուածով ծանօթացած է Փարամազի անձնաւորութեան, երբ ինք ամսագրի մը խմբագրապետն էր եւ իրեն ներկայացուած էր հայ հերոսին մասին յօդուած մը։ Աքընի ըսածներուն մէջ ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը,– խոստովանութեան հանգամանքով,– այն էր, որ ինչպէս բազմաթիւ այլ բնագաւառներու, ընկերվարութեան համար ալ իրենց սորվեցուցած են, որ ամէն ինչ կը սկսի Թուրքով մը, Թուրքի մը անունով, մինչ ատկէ առաջ Հայեր արդէն մեծ ներդրում ունեցած են տուեալ բնագաւառին մէջ, ինչպէս Փարամազը ունեցեր էր ընկերվարութեան հաստատման մէջ, եւ արդէն 117 տարի առաջ ան Վանի դատարանին առջեւ պաշտպանած էր այդ գաղափարախօսութիւնը՝ ընկերվարական տեսլականը։ Ըսաւ, թէ իրականութեան մէջ ինք այս ժապաւէնը պատրաստած է Թուրքիոյ ընկերվարականներուն եւ պատմաբաններուն համար, քանի որ անոնք են երկրին մտաւոր առաջնորդները եւ աւեցուց որ այդ ջանքը այսօր արդիւնք կու տայ, քանի որ մարդիկ սկսած են հետաքրքրուելու ՀՅԴ-ով, ՍԴՀԿ-ով, ՌԱԿ-ով։ Իր խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ թէ անցեալին հետ առերեսիլը թոյլ պիտի տայ վերստին եղբայրաբար ապրիլ բոլորս միասին, ինչ որ ընկերվարական գաղափարախօսութեան գլխաւոր դրոյթներէն է։

Կարօ Փայլան իր կարգին ըսաւ, որ Թուրքի մը բերնէն լսեցինք Փարամազի եւ անոր պաշտպանած տեսլականին մասին։ Քննադատելով «բոլորը մէկ տոպրակի մէջ դնել»-ու մօտեցումը, յիշելով նաեւ Թուրքին մասին Հայերու նախասիրած՝ «սոխին անուշը չըլլար» ասացուածքը, հարց տուաւ՝ «հապա ի՞նչ պիտի ընենք Քատիր Աքընը եւ իր նմանները», եզրակացնելու համար, թէ այդպիսիները մեր կարծածէն շատ աւելի մեծ թիւ կը կազմեն։

red-2

Խօսեցաւ նաեւ պապենական արմատներուն, անոնց բնիկ հողերուն մասին տեղեկացուած ըլլալու հրամայականին մասին, նշելով՝ որ Ցեղասպանութենէն ետք 2-րդ եւ լաւագոյն պարագային՝ 3-րդ սերունդէն յետոյ խզուած է այդ կապը եւ ատիկա կը նշանակէ թէ 105 տարի է մեր մղած պայքարը ձախողած է եւ այդ մասին հիմա վերստին պէտք է մտածել։ Փարամազ չկրցաւ իրականացնել իր երազանքները, ոչ ալ մենք կրցանք իրականացնել զանոնք, ըսաւ ան ու հարց տուաւ. «միթէ՞ ատոնք իրականացնելը, երկիրը ֆաշականութենէ ազատագրելը մեր ալ պարտականութիւնը չէ»։ Փայլան նաեւ ըսաւ, թէ շատեր իրեն կ՚ըսեն. «Լռէ՛, նայէ ինչ պատահեցաւ Հրանդին», բայց «ինչ որ մեր գլխուն եկաւ, խօսելու պատճառով չէ, որ եկաւ», ըսաւ ան, աւելցնելով որ լռե՛լն է վտանգաւորը։

Ապա, Փայլանի առաջարկով, յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ Փարամազի եւ իր հետ կախաղան բարձրացած անոր 19 ընկերներուն յիշատակը։

Փայլան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ կ՚առաջարկէ «Թուրքին, Քիւրտին հետ պէտք չէ խօսիլ»-ի մտայնութիւնը մէկդի թողլով զօրակցիլ Թուրքիոյ այն միլիոնաւորներուն, որոնք կը պայքարին ի խնդիր ժողովրդավարութեան հաստատման։ Ըսաւ նաեւ, որ Երեւանը, Հայաստանը անշուշտ որ կարեւոր են, բայց Արեւմտահայաստանն ալ կարեւոր է։ Հուսկ, հայերէն՝ «Կեցցէ՛ Փարամազը» ըսելով աւարտեց իր խօսքը։

Երեկոյթի աւարտին շատ-շատեր փութացին Փայլանի քով, անոր հետ յիշատակի նկար մը ունենալու համար. ան բոլորին ալ մէկ առ մէկ, սիրով ընդառաջեց։
Յ.Կ.
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment