Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Զաւէն Խանճեան Կ՚արժանանայ Հայաստանի Գրողներու Միութեան «Պատուոյ Անդամ» Կոչումին

Զաւէն Խանճեան Կ՚արժանանայ Հայաստանի Գրողներու Միութեան «Պատուոյ Անդամ» Կոչումին

by MassisPost

Սեպտեմբերի 13-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ)  հերթական ժողովն էր։ Օրակարգի վրայ գտնուող հարցերու կարգին քննարկուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի՝ Միութեան «Պատուոյ Անդամ»ի կոչումին արժանանալու հարցը։

Միութեան Նախագահ Էդվարդ Միլիտոնյանը ներկայացուց Զաւէն Խանճեանը որպէս գրող, հրապարակախօս, Սփիւռքահայ հասարակական, կրթական, եկեղեցական գործիչ եւ մեծ Հայրենասէր։ Ան ըսաւ թէ առիթը ունեցած էր հանդիպելու Պր. Խանճեանին եւ զրուցելու անոր հետ, եւ կարդացած անոր ստեղծագործութիւններէն «Այս Տունը Քո՞ւկդ է, թէ Իմս» եւ «Հալէպ. Առաջին Կայարան» գիրքերը եւ մասնակցած անոնց շնորհանդէսին։

Պարոն Միլիտոնյանը մասնաւորապէս նկատեց, որ «Զաւէն Խանճեանի “Այս Տունը Քո՞ւկդ է, թե Իմս” հատորը ամփոփումն է Արեւմտահայաստան կատարուած անջնջելի տպաւորութիւններու։ Անոնք ներկայացուած են Հայոց Պատմութեան, գրականութեան, ճարտարապետութեան, ընդհանրապէս ընդարձակ մշակութային քարտէզի վրայ։ Այդ Զաւէն Խանճեանի իմացութեան լայն դաշտն է, ուր զարմանալիօրէն եւ մանրամասն ամէն քար ու թուփ, վանք ու երգ, բանաստեղծութիւն ու վկայագիր թաթախուած են հոգեւոր լոյսով ու յուզիչ ելեւեջներով»։

Այնուհետեւ քանի մը հարց ու պատասխանէ ետք Միութեան անդամները միաձայնութեամբ ընտրեցին Զաւէն Խանճեանը որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Պատուոյ Անդամ։

Պր. Խանճեանի վերոյիշեալ գիրքերուն ծանօթանալէ ետք, Էդվարդ Միլիտոնյանը այնքան տպաւորուած էր, որ ՀԳՄ ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹ շաբաթաթերթի Ապրիլ 19 համարով հրապարակեց յօդուած մը՝ ԵՐԿՀԱՐԿԱՆԻ ՏՈՒՆԸ խորագրով։ Յառաջաբանին մէջ ան կը գրէ.- «Ինձ շատ յուզեց պապենական տան վերաբերեալ յօդուածը եւ այդ ինձ ներշնչեց գրելու այս արձակաբանաստեղծական տարբերակը։ Որոշ անուններ փոխուած են եւ պատմութիւնը դիտուած է իմ աչքերով։ Իմ ընտանիքս ալ Տարոնի դաշատավայրին մէջ թողած է տուներ։ Այս բոլորին պատմութիւնն է։ (Սոյն յօդուածին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ կայքէջին վրայ։   http://www.grakantert.am/archives/12406 ):

Հայաստանի Գրողներու Միութեան, Խաչատուր Աբովյանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի եւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հովանիին տակ՝ Յունիսի 12-ին Երեւանի Աւետարանչականի Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւէն Խանճեանի  «Այս Տունը Քո՞ւկդ է, թե Իմս»  եւ «Հալէպ. Առաջին Կայարան» գիրքերու Երեւանեան շնորհանդէսը:

ԱՀԱԸ-ի համայն աշխատակիցները կը շնորհաւորեն Պր. Խանճեանը՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան «Պատուոյ Անդամ» կոչումին արժանանալուն համար եւ կը մաղթէ անոր քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment