Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Կոռուպցիայի Դէմ Պայքարին Պէտք է Նոր Թափ Հաղորդել

Փաշինեան․ Կոռուպցիայի Դէմ Պայքարին Պէտք է Նոր Թափ Հաղորդել

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով՝ կոռուպցիայի դէմ պայքարին պէտք է նոր թափ հաղորդել: Այս մասին ան յայտարարած է այսօր, Կառավարութեան իրաւապահ համակարգի մարմիններու ղեկավարներու ու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան ժամանակ:

«Այսօրուայ մեր խորհրդակցութեան նպատակը հետեւեալն է. հաշուի առնելով նաեւ իրաւապահ համակարգի տեղի ունեցած անձնակազմի նշանակալի փոփոխութիւնները, ամփոփել փտածութեան դէմ պայքարի վերջին աւելի քան 1 տարուայ արդիւնքները եւ կողմնորոշուիլ մեր հետագայ ընելիքներու շուրջ», – ըսած է Փաշինեանը, ըստ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան:

«Ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ, որ փտածութեան դէմ պայքարին պէտք է նոր թափ հաղորդենք, եւ եթէ կարելի է ըսել, այս գործընթացը ենթարկել ռեստարտի (վերսկսման),  ոչ միայն նախապէս տեղի ունեցած փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւնները բացայայտելու առումով, այլ ես ուղղակի համոզուած եմ, որ եթէ մենք բաւարար չափով սկզբունքային չըլլանք այս հարցի մէջ, փտածութիւնը երեւոյթ մըն է, որ նոր պայմաններուն յարմարելու ձեւերը կը գտնէ եւ փուլ-փուլ, կամաց-կամաց սողացող ձեւով վերադառնալու յատկութիւններ կը ցուցաբերէ», – ընդգծած է վարչապետը՝ շարունակելով․ – «Երբ կ’ըսենք փտածութիւն միշտ նկատի կ’առնուին նախապէս տեղի ունեցած յանցագործութիւններու դէպքերը, այդ նկատի ունինք, բայց միայն այդ նկատի չունինք, եւ նոյնքան կարեւոր է կոռուպցիայի դէմ պայքարն այսօրուայ իմաստով, այսօրուայ պետական կառավարման համակարգի իմաստով: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մենք այսօրուայ քննարկումներու որպէս արդիւնք  նաեւ կ’ապահովենք իրաւապահ համակարգի փոխգործակցութեան լիարժէքութիւնը:

«Իհարկէ կոռուպցիայի փտածութեան դէմ պայքարը մեզ համար ունի քանի մը կարեւոր նպատակներ, մէկը որ բացառենք այս երեւոյթի վերարմատաւորումը Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ:

Երկրորդ ուղղութիւնը եւս շատ կարեւոր է, որ պետութեան եւ ժողովուրդին հասած վնասները վերականգնուին: Իհարկէ, մէկ տարի 4-5 ամիսներու տուեալներով մօտաւորապէս 51 միլիարտ դրամ արդէն վերականգնած ենք, որ սկզբունքօրէն փոքր գումար չէ:

Յաջորդ կարեւոր ուղղութիւնը, այս առումով նաեւ կարգ ու կանոն հաստատելու անհրաժեշտութիւնն է: Մեր այս գործողութիւնները պէտք չէ որեւէ կերպ ընկալուին որպէս ռեպրեսիաներու գործընթաց: Ողջ գործընթացը պէտք է կազմակերպուի այնպէս, որ Հայաստանի ժողովրդավարական, իրաւական պետութիւն ըլլալու պատկերը, որեւէ կերպով չվնասուի եւ հակառակը, ամէն մէկ նման գործողութիւն եւ շարժում այդ ուղղութեամբ աւելի ուժեղացնէ մեր երկրի ոչ միայն պատկերը, այլ այդպիսին ըլլալու իրականութիւնը», – շեշտած է Կառավարութեան ղեկավարը:

Այնուհետեւ քննարկուած են կոռուպցիայի դէմ պայքարին  նախատեսուող միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment