Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իսրայէլը Կ’ողջունէ Թել Աւիւի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Հայաստանի Որոշումը

Իսրայէլը Կ’ողջունէ Թել Աւիւի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Հայաստանի Որոշումը

by MassisPost

Իսրայէլը կ’ողջունէ իր երկրին մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի կառավարութեան որոշումը: Այս մասին այսօր յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը:

«Իսրայէլ Պետութիւնը կ’ողջունէ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի կառավարութեան որոշումը: Այս որոշումը կ’արտացոլէ նաեւ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին  պետական յարաբերութիւններու զգալի առաջընթացը: Դեսպանատան բացումը երկկողմ յարաբերութիւններու նոր եւ կարեւոր գլուխ է, եւ մենք վստահ ենք, որ այս ա՛լ աւելի կ’ամրապնդէ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնը եւ կը խթանէ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ», – ըսած է Կացը։

«Բացման օրը,  Հայաստանի դեսպանատունը կ’ըլլայ 90-րդ արտասահմանեան դեսպանատունը Իսրայէլի մէջ: Անշուշտ, այս կը վկայէ աշխարհի մէջ  Իսրայէլի ամրապնդուող դիրքի կայուն աճի մասին: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ Իսրայէլի միջազգային յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ միջազգային դիրքի հաստատման ուղղութեամբ», – յայտարարած է նախարարը։

Յիշեցնենք՝ կառավարութեան այսօրուայ  որոշմամբ Հայաստանը դեսպանութիւն կը ստեղծէ  Իսրայէլ, Թել Աւիւի մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment