Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Մերժեց Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Միջնորդութիւնը

Դատարանը Մերժեց Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժեց 1Մարտի գործով առանցքային մեղադրեալ՝ Ռոպերթ Քոչարեանին գրաւի կամ չհեռանալու ստորագրութեան դիմաց ազատ արձակելու, Հայաստանի երկրորդ նախագահի պաշտպաններու միջնորդութիւնը:

17 Սեպտեմբերին հրապարակելով նախկին նախագահի խափանման միջոց կալանքը, անյապաղ վերացնելու, Քոչարեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը մերժելու որոշումը, դատաւոր Աննա Տանիպեկեանը ժամեր ետք կրկին հեռացած էր խորհրդակցական սենեակ, որոշում կայացնելու խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեան վերաբերեալ:

Հայաստանի երկրորդ նախագահը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 3 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու համար:

Ռոպերթ Քոչարեան կալանքի տակ է 25 Յունիսէն իվեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment