Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պիտի Այցելէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

Հայաստան Պիտի Այցելէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Որպէս աշխարհի ամենահզօր ժողովրդավար երկիր, Միացեալ Նահանգները պէտք է աջակցի Հայաստանին ժողովրդավարութեան հաստատման գործին, Ուաշինկթընի մէջ անցած Ամերիկայի հայկական համագումարի երեկոյի ընթացքին յայտարարած է քոնկրէսական Ճեքի Սփիր-Կանչելեանը:

Անոր խօսքով, 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը աննախադէպ իրադարձութիւն էր ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ ողջ աշխարհի համար. «Ես միշտ հպարտացած եմ իմ հայկական արմատներով, սակայն հիմա առանձնակի հպարտութիւն կը զգամ, միշտ հաւատացած եմ սերտ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, սակայն երբեք անոնց ամրութեան չեմ հաւատացած այնքան, որքան հիմա, միշտ յոյս ունեցած եմ տեսնելու Հայաստանը իբրեւ ժողովրդավար երկիր, հիմա ատիկա միայն երազանք չէ»:

Քոնկրէսականի կարծիքով, Հայաստանը այժմ ունի երեք հիմնական մարտահրաւէր՝ Թաւշեայ յեղափոխութեան ընձեռած հնարաւորութիւններով զարգացնել տնտեսութիւնը, ամրապնդել դիրքերը տարածաշրջանին մէջ եւ հնարաւորութիւններ բանալ սեփական քաղաքացիներու համար։ «Իրականացնել ժողովրդավարական բարեփոխումներ, պայքարիլ փտածութեան դէմ, մարտահրաւէրներ, որոնք աւելի յաղթահարելի են հանրութեան մեծ աջակցութիւն վայելող կառավարութեան համար»,- նշած է ԱՄՆ քոնկրէսականը:

Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութեան գործնական ծրագրերը քննարկելու նպատակով՝ Հոկտեմբեր 1-ին՝ մէկշաբաթեայ այցով Հայաստան պիտի  ժամանէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան թէ՛ դեմոկրատական եւ թէ՛ հանրապետական կուսակցութիւններու քոնկրէսականներ: Այս մասին կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը՝ վկայակոչելով քոնկրէսական Ճէքի Սփիր-Կանչելեանի խօսքը:

«Համոզուած եմ, որ հպարտութիւն պիտի զգանք Հայաստանի նոր իրականութեան ականատես ըլլալով։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը դարձած է շօշափելի, երբ աշխարհի մէջ անիկա անկում կ՝ապրի: Հայաստանը այս գորշ պատկերին մէջ լուսաւոր կէտ է, եւ մեր բոլորիս պարտականութիւնն է վառ պահել այդ լոյսը»,- ըսած է Սփիր-Կանչելեան:

Ճեքի Սփիր-Կանչելեանին Ամերիկայի հայկական համագումարի պարգեւատրման արարողութեան կապակցութեամբ յատուկ շնորհաւորական նամակ ուղղած էր նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Նամակ, որ քոնկրէսականի խօսքով իր համար յատուկ նշանակութիւն ունի.

«Ես մեծ յարգանք կը տածեմ Նիկոլ Փաշինեանի հանդէպ: Բարդ է խօսքերով նկարագրել, անոր առաջնորդած խաղաղ իշխանափոխութեան կարեւորութիւնը, անոր՝ երկիրը առաջ տանելու ջանքերը, քոռուփցիայի դէմ պայքարը: Ես պիտի փորձեմ աջակցիլ այդ կարեւոր գործին որքան կրնամ, համոզուած եմ, որ այդպէս կը ցանկանար մայրս»:

Քոնկրէսական Սփիրի նախաձեռնութեամբ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի զգալի մեծամասնութեան ընդունած նախաձեռնութեամբ Հայաստանին 2019-ին պիտի տրուի յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի ամերիկեան օգնութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment