Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վալերի Օսիպեանը Ազատուած է Ոստիկանութեան Պետի Պաշտօնէն

Վալերի Օսիպեանը Ազատուած է Ոստիկանութեան Պետի Պաշտօնէն

by MassisPost

Վալերի Օսիպեանը ազատուած է ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն, անմիջապէս ալ նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական։

Օսիպեանի պաշտօնանկութեան՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագրի հիմքը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութիւնն էր։

Վալերի Օսիպեանը ոստիկանապետ նշանակուած էր թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելէն բառացիօրէն երկու օր անց։ Մինչեւ այդ Երեւանի փոխոստիկանապետն էր ու Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներուն յաճախ անձամբ վերահսկած էր հակաիշխանական տարբեր ցոյցերու ընթացքը, այդ շարքին՝ Նիկոլ Փաշինեանի առաջանորդած թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

Լրատուամիջոցները տարածած են Օսիպեանի յայտարարութիւնը, ուր նախկին ոստիկանապետը խոստացած է «հեռանալու պատճառներու մասին խօսիլ յետագային»:

Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Աշոտ Ահարոնեանը փոխանցած է, որ Օսիպեանը հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է:

«Այս պահին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի պարտականութիւնների կատարումը դրուած է ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Արման Սարգսեանի վրայ», – աւելցուցած է Ահարոնեանը:

Միւս ուժային կառոյցի ղեկավարը՝ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը չի բացառեր, որ յաջորդը կրնայ ըլլալ: Ընդ որում, ան հնարաւոր համարած է, որ վարչապետը կրնայ իրեն պաշտօնանկ ընել մէկ-երկու օր յետոյ։ Բայց առաջին քայլը՝ հրաժարական տալ, ինքը չընէր։

«Ես կատարում եմ իմ պարտաւորութիւնները, ես իմ սկսած աշխատանքը կիսատ չեմ թողնելու, եւ իմ պատասխանատուութիւնը չեմ նուազեցնելու», – լրագրողներուն ըսած է Տօնոյեանը՝ աւելցնելով, որ հրաժարական ներկայացնելու մտադրութիւն չունի:

Փաշինեանը դեռ չէ յայտարարած, թէ որոնք պիտի փոխարինեն Օսիպեանին եւ Վանեցեանին:

Հայաստանի վարչապետի առաջարկութեամբ պաշտօնանկ եղած Վալերի Օսիպեանը նշանակուած է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խորհրդական։ Հրամանագիրը տեղադրուած է e-gov.am կայքին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment