Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Առաջին Բնապահպանական Կառոյցը՝ Երեւանի Աւետիսեան Կրթահամալիրը Արժանացած է Ամերիկեան Հեղինակաւոր LEED Silver Վկայագրին

Հայաստանի Մէջ Առաջին Բնապահպանական Կառոյցը՝ Երեւանի Աւետիսեան Կրթահամալիրը Արժանացած է Ամերիկեան Հեղինակաւոր LEED Silver Վկայագրին

by MassisPost

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) բազմաթիւ հայրենաշէն առաքելութիւններէն մէկը դպրոցաշինութեան ծրագրի իրականացումն էր Մայր Հայրենիքի մէջ:

20 տարի առաջ, ամերիկահայ բարերար Էտուարտ Աւետիսեանի հովանաւորութեամբ Երեւանի ՀԱԹ-ի մէջ (Հարաւ-արեւմտեան թաղամաս) ԱՀԱԸ-ի հիմնադրած Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան կրթահամալիրը իր յարկին տակ ընդունեց թաղամասի անապահով ընտանիքներու երեխաները, ապահովեց անոնց անվճար եւ որակեալ ուսուցումը: Կարճ ժամանակի մէջ ան դարձաւ սիրուած եւ գնահատուած կրթօճախ՝ իր մասին վկայելով գործով, իր փայլուն շրջանաւարտներով եւ հեղինակութիւն վաստակած անձնակազմով:

Կրթօճախի այդպիսի սրընթաց վերելքը ոգեշնչեց ամերիկահայ բարերարները եւ ԱՀԱԸ-ին՝ գերազանցապէս բարելաւելու դպրոցի շէնքային պայմանները: Եւ 2014 թուականին արդէն դպրոցը տեղափոխուեցաւ 21-րդ դարի շունչով կառուցուած սեյսմակայունութեամբ գերարդիական շէնք: ԱՄՆ «Կանաչ շինարարական խորհուրդի» (USGBC – The United States Green Building Council) հեղինակաւոր LEED (Leadership in Energy and Environmental Design) վկայագրման պահանջքներուն համապատասխան բնապահպանական նախագիծով կառուցուած կրթահամալիրը իր 7 յարմարաւէտ մասնաշէնքերով Հայաստանի առաջին eco կառոյցն էր: Եւ բնական էր, որ շուտով ան դարձաւ «դպրոց եւ համայնքային կեդրոն»:

Առնօ Բաբաջանեանի 42/7 հասցէի մէջ գտնուող «կանաչ դպրոցը» յագեցած է արեւային ջրատաքացուցիչներով, «դալար տանիքի» շնորհիւ իրականացուող ջրապահպանութեամբ, տեսակաւորուած աղբահանութեամբ, ենթակառուցուածքներու մատչելիութեամբ, սեփական «արտադրութեան» պտուղներով: Դպրոցի աշխատակազմը թեւ-թեւի տուած բնապահպանական անխոնջ աշխատանք կը կատարէ, պետական, հասարակական, միջազգային կառոյցներու, հիմնադրամներու, «Հայաստան ծառատունկ ծրագրի» (ATP) հետ, իսկ ամառնային ճամբարի առօրեան նոյնպէս հիմնուած է բնապահպանական կրթութեան սկզբունքներուն վրայ:

Այդ բոլորը, անշուշտ թերի կ’ըլլար, եթէ չ’ըլլային ուսման հոյակապ պայմանները դիպուկ, տեղին եւ խելացիօրէն օգտագործող մանկավարժներն ու մասնագէտները: Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր Աւետիսեան դպրոցի մէջ ուսանիլը պատիւ կը համարուի: Աւետիսեանի շրջանաւարտներուն դիմաց փակ դռներ չկան, եւ դպրոցի աշակերտութեան քանակն ընդամէնը քանի մը տարուայ ընթացքին հնգապատկուեցաւ, ինչպէս կ’ըսեն՝ կրթահամալիրի «դալար տանիքի սիզամարգը» կը գրաւէ մարդոց:

Աւետիսեան դպրոցը սոսկ կրթարան չէ: Ան մեծ, համերաշխ, հայաշունչ ընտանիք է, որ ստանձնած է հայրենաշինութեան եւ հայրենիքի բարեկարգման գործի իր բաժինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment