Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նոր Հրատարակութիւն – «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ»

Նոր Հրատարակութիւն – «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ»

by MassisPost

Front Cover White Lettering 03-26-19Ահաւասիկ նոր հրատարակուած գիրքի մը շատ հետաքրքրական վեռնագիրը։

Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հրատարակած իր 30-րդ այս գիրքը ինքնին գանձ մըն է հայ ընթերցողին համար ուր Դոկտ. Ահմարանեան կը փորձէ ցոյց տալ թէ ինչպէս Դրախտը Հայաստանի մէջ էր եւ Դրախտին օձն ալ Հայկական Վիշապն էր։ Աւելին, ան մանրամասնօրէն, յստակ եւ պարզ լեզուով կ՚ անդրադառնայ Ստեղծագործութեան, Արարատին (Լեռ), Նոյին, Որթատունկին, Ձիթենիին, թիւ 7 -ին եւ թէ ինչպէս «ԷՆ» Հայոց Էլոհիմն էր եւ այլ նիւթեր։

«Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքը պիտի ներկայացնէ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Աւագ Հովիւ՝  Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի, Փասատինա։ Այժմէական եւ խիստ կարեւոր գիրքի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ՝ Ուրբաթ  20 Սեպտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 7:30- ին, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի Տէրեան սրահին մէջ, Փասատինա։

Հասցէ։  339 S. Santa Anita Ave. Pasadena, Ca. 91107

Յիշենք նաեւ թէ գիրքի շնորհահանդէսէն ետք տեղի պիտի ունենայ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment