Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. Քոռուփցիայի Դէմ Պայքարին Մէջ Նահանջ Չկայ

Փաշինեան. Քոռուփցիայի Դէմ Պայքարին Մէջ Նահանջ Չկայ

by MassisPost

ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուցած է շարք մը օրէնքներու մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը, որ թոյլ պիտի տայ իրաւապահ մարմիններուն հայաստանեան դրամատուներէն ստանալ ցանկացած մէկուն վերաբերող տուեալներ:

Գործող կարգի համաձայն, դրամատնային գաղտնիք հանդիսացող տեղեկութիւն իրաւապահները կրնան ստանալ, եթէ տուեալ անձը մեղադրեալ է կամ կասկածեալ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նման փոփոխութիւններ կայացնելը պատճառաբանած է քոռուփցիայի դէմ պայքարով՝ ուշագրաւ օրինակ բերելով բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը փեսայի հետ կապուած. – «Այս թեման շատ երկար եւ շատ բարդ, ամենատարբեր ֆորմաթներով քննարկուել է, եւ առկայ են եղել բազմաթիւ մտահոգութիւններ, բազմաթիւ մտավախութիւններ եւ էսպէս շարունակ: Բայց մեր քաղաքական եզրակացութիւնը հետեւեալն է. մենք կա՛մ պայքարում ենք քոռուփցիայի դէմ, կա՛մ չենք պայքարում քոռուփցիայի դէմ, որովհետեւ կիսապայքարը ընդունելի չի»:

Կատարուող փոփոխութիւնը Փաշինեանը բնութագրած է որպէս իր գլխաւորած կառավարութեան «ամենակարեւոր համակարգային բարեփոխումներէն մէկը», որու ընդունման հետ կապուած կայացուած է քաղաքական որոշում. – «Ես ձեզ ասեմ. էս ընթացքում մենք ունեցել ենք դէպք, երբ որ իմացել ենք, որ իքսը՝ բարձրաստիճան պաշտօնեան կամ նրա փեսան, ասենք, ապօրինի կերպով ձեռք բերուած գոյքը վաճառքի ա հանել: Էդ գոյքը ձեւակերպուած է ուրիշ մարդու անունով, էդ ուրիշ մարդու հետ կապուած իրաւական պնդումներ չկան: Էդ գոյքը վաճառուել է, եւ էդ գոյքը իմացել ենք, որ վաճառուելու ա, եւ գումարը Հայաստանի Հանրապետութիւնից հանուելու ա դուրս: Ըստ էութեան, մեր ոչ թէ աչքի առաջ. բայց իմացել ենք, որ այ, հիմա էդ բանը տեղի ա ունենում. բայց էնպիսի սահմանափակումներ է եղել օրէնսդրութեամբ, որ մենք ստիպուած ենք եղել… այսինքն կամ պիտի մենք ապօրինի, շատ կոպիտ ապօրինի միջամտութիւններ անէինք, որի բացատրութիւնը յետոյ իրաւական առումով շատ դժուար կը լինէր, կամ էլ մենք պէտք ա լուռ հետեւէինք, թէ ոնց են թալանուածը թաքցնում»:

Հարցը բաւականին երկար քննարկուած է կառավարութեան նիստին, ամբողջ նիստը տեւած է երկու ժամէն աւելի, իսկ միայն այս հարցի քննարկումը՝ կէս ժամէն աւելի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment