Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը չէ ներկայացած Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՅՔԾ) հարցաքննութեան՝ «Ազատութեան» հարցմանն ի պատասխան յայտնած են ՅՔԾ-ից։
Փոխարէնը Բալասանեանը դիմում ուղարկած է Մարտ 1-ի գործը քննող քննչական ծառայութեան՝ շեշտելով՝ «2008 թուականի մարտի 1-ի եւ 2-ի իրադարձութիւնների ժամանակ անձամբ Երեւանում չի գտնուել, եւ այդ օրերին տեղի ունեցած իրադարձութիւնների մասին իր տուեալները սահմանափակւում են այնքանով, որքանով որ դրանք հասանելի են եղել հասարակութեան լայն շրջանակներին եւ տարածուել ԶԼՄ-ների միջոցով»:
Մինչդեռ օրեր առաջ Բալասանեանը հարցազրոյց տուած էր լրատուամիջոցներէն մէկուն, ուր անդրադարձած էր արիւնալի այդ դէպքերուն, 10 զոհերու սպանութեան հանգամանքներու բացայայտման հետ կապուած արտայայտած է իր տեսակէտը։ Բալասանեանը մասնաւորապէս անդրադարձած էր 2008-ի քաղաքական գործընթացներուն զինուած ուժերու ներգրաւման մասին քննչական ծառայութեան պնդումներուն՝ ըսելով. «Ի՞նչ է նշանակում՝ բանակը կրակել է, ցոյց տուէք մի դէպք, որ բանակը կրակել է: Խօսում են, թէ զօրավարները եկել են, հրամաններ են տուել, զօրավարները կրակել են, 60 հոգի են առանձնացրել։ Ժողովրդի վրայ կրակել է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր խմբով: Կը գայ ժամանակը, ես էլ տեղեակ եմ Մարտի 1-ի դէպքերից, ես էլ տեղեկութիւններ ունեմ՝ ինչ է կատարուել: Րոպէ առաջ պէտք է այդ երեւոյթին գնահատական տալ, եւ ազատութեան մէջ լինի Ռոպերթ Քոչարեանը»:
Անոր այս յայտարարութենէն ետք ՅՔԾ-ն փորձերը՝ կանչել Բալասանեանը հարցաքննութեան, չեն յաջողած։ Ինչպէս կը հաղորդէ քննչական ծառայութիւնը, Մարտ 1-ի քրէական գործով հարցաքննութեան կանչելու նպատակով Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան միջոցով ծանուցագիր ուղարկուած է Վիտալի Բալասանեանին, սակայն անկէ ետք ստացուած էր անոր դիմումը։
Բալասանեանը դիմումին մէջ գրած է, որ հարցաքննութեան կանչելու մասին ծանուցագիրը` անոր մէջ նշուած հարցաքննութեան ներկայանալու ժամկէտէն ուշ ստացած է:
Դիմումը ստանալէ ետք ՅՔԾ-ն կրկին ծանուցագիր ուղարկած է Բալասանեանին։