Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Դեսպանը Հաստատած է որ Վլատիմիր Փութինը Պիտի Մասնակցի Երեւանի մէջ Տեղի Ունենալիք ԵԱՏՄ Գագաթնաժողովին

Ռուսաստանի Դեսպանը Հաստատած է որ Վլատիմիր Փութինը Պիտի Մասնակցի Երեւանի մէջ Տեղի Ունենալիք ԵԱՏՄ Գագաթնաժողովին

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին, ըստ էութեան, հաստատած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 1-ին տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ, ԵՏՄ) գագաթնաժողովին՝ մանրամասնելով, որ երեւանեան միջոցառման ԵՏՄ անդամ-պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեան մասին որոշում կայ:

Հարցին, թէ Հոկտեմբերին Վլատիմիր Փութինը պիտի այցելէ Երեւան, դեսպանը պատասխանած է. «Պէտք է սպասել: Ես այլ տեղեկութիւն չունիմ: Մենք հիմք կ’ընդունինք այն, որ այստեղ՝ Երեւանի մէջ  պիտի կայանայ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը, եւ ինչպէս խորհրդարանին մէջ ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, այն ԵՏՄ անդամ-երկիրներու ղեկավարներու ընդհանուր որոշումն է, եւ ի՞նչ հարցեր կրնան այստեղ առաջանալ: Կայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի որոշումը՝ այս տարուան Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ կայացնել խորհուրդի նիստ: Այլ որոշումներ չեն եղած», – ըսած է Ռուսաստանի դեսպանը:

«Ազատութեան» յստակացնող հարցին՝ հետեւաբար նախագահ Փութինը ներկա՞յ պիտի ըլլայ երեւանեան նիստին, Քոփիրքինն արձագանգած է. «Կրկնեմ, այլ որոշումներ չեն ընդունուած: Նախագահ Փութինի այցը կասկածի տակ դնող ողջ տեղեկատւութիւնը ստացած եմ լրատուամիջոցներէն, ուստի չեմ կրնար մեկնաբանել նման հաղորդագրութիւնները, որովհետեւ այլ տեղեկութիւն չունիմ: Հոկտեմբեր 1-ին այստեղ՝ Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը: Այն առաջնորդներու՝ նախագահներու, Հայաստանի պարագային՝ վարչապետի, մակարդակի համար նախատեսուած մարմին է: Վերջ, այլ բան չեմ կրնար ըսել»:

ԵՏՄ երեւանեան գագաթնաժողովին Փութինի մասնակցութեան հարցը ծագած է, երբ հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած են հրապարակումներ, թէ Ռուսաստանի նախագահը կրնայ չեղարկել իր այցը Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment