Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին, ըստ էութեան, հաստատած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 1-ին տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ, ԵՏՄ) գագաթնաժողովին՝ մանրամասնելով, որ երեւանեան միջոցառման ԵՏՄ անդամ-պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեան մասին որոշում կայ:
Հարցին, թէ Հոկտեմբերին Վլատիմիր Փութինը պիտի այցելէ Երեւան, դեսպանը պատասխանած է. «Պէտք է սպասել: Ես այլ տեղեկութիւն չունիմ: Մենք հիմք կ’ընդունինք այն, որ այստեղ՝ Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը, եւ ինչպէս խորհրդարանին մէջ ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, այն ԵՏՄ անդամ-երկիրներու ղեկավարներու ընդհանուր որոշումն է, եւ ի՞նչ հարցեր կրնան այստեղ առաջանալ: Կայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի որոշումը՝ այս տարուան Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ կայացնել խորհուրդի նիստ: Այլ որոշումներ չեն եղած», – ըսած է Ռուսաստանի դեսպանը:
«Ազատութեան» յստակացնող հարցին՝ հետեւաբար նախագահ Փութինը ներկա՞յ պիտի ըլլայ երեւանեան նիստին, Քոփիրքինն արձագանգած է. «Կրկնեմ, այլ որոշումներ չեն ընդունուած: Նախագահ Փութինի այցը կասկածի տակ դնող ողջ տեղեկատւութիւնը ստացած եմ լրատուամիջոցներէն, ուստի չեմ կրնար մեկնաբանել նման հաղորդագրութիւնները, որովհետեւ այլ տեղեկութիւն չունիմ: Հոկտեմբեր 1-ին այստեղ՝ Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը: Այն առաջնորդներու՝ նախագահներու, Հայաստանի պարագային՝ վարչապետի, մակարդակի համար նախատեսուած մարմին է: Վերջ, այլ բան չեմ կրնար ըսել»:
ԵՏՄ երեւանեան գագաթնաժողովին Փութինի մասնակցութեան հարցը ծագած է, երբ հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած են հրապարակումներ, թէ Ռուսաստանի նախագահը կրնայ չեղարկել իր այցը Հայաստան: