Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ինքնիշխանութիւն, Համահայկականութիւն եւ Փոխգործակցութիւն»․ Մնացականեանը Ներկայացուցած է Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Սկզբունքները

«Ինքնիշխանութիւն, Համահայկականութիւն եւ Փոխգործակցութիւն»․ Մնացականեանը Ներկայացուցած է Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Սկզբունքները

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Ազգային Ժողովէն ներս ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու ամէնամեայ համաժողովի մասնակիցներու հանդիպման ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երեք արժէքներն ու երեք սկզբունքները:

«Մենք առանձնացրել ենք արժէքների երեք հարթութիւն, որոնց վրայ հիմնւում է մեր արտաքին քաղաքականութիւնը։ Դրանք են քաղաքակրթական արժէքները, մեր պատմական ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքների արժէքները, որոնք մեր ժողովուրդը պաշտպանեց եւ նոր որակ հաղորդեց Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ դրան յաջորդած խորհրդարանական ընտրութիւնների ժամանակ», – նշած է Մնացականեանը:

«Յատուկ պէտք է ընդգծեմ, որ այս համաժողովի ընթացքում մենք յստակ ամրագրեցինք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երեք հիմնարար սկզբունքները, որոնց կիրառմամբ պէտք է միջազգային ասպարէզում հետապնդենք Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի արժէքները եւ շահերը։ Այդ սկզբունքներն են` ինքնիշխանութիւն, համահայկականութիւն եւ փոխգործակցութիւն», – աւելցուցած է ան:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կարեւորած  է միջոցառման շրջագիծէն ներս Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն հետ բաց եւ անկաշկանդ քննարկումը:

«Ժողովրդավարական ընտրութիւնների միջոցով ընտրուած խորհրդարանի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան մէկ տարուայ մէջ արդէն հասցրել են լաւագոյնս պաշտպանել Հայաստանի շահերը եւ դառնալ Հայաստանի նոր դէմքը խորհրդարանական դիւանագիտութեան հարթակում, կարծում եմ, կը համաձայնուեն իմ այս դիտարկմանը», – նշած է Մնացականեանը՝ կարծիք յայտնելով, որ Ազգային ժողովը մեծ դերակատարում ունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սահմանման եւ իրականացման բոլոր փուլերուն՝ Կառավարութեան ծրագիրի սահմանման, խորհրդարանական լսումներու միջոցով ծրագիրի իրականացման ուղիներու ճշգրտման, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական հարթակին վրայ անոր անմիջական իրականացման ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment