Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Երկնիշ Տնտեսական Աճը Այլեւս Երեւակայութիւն Չէ

Փաշինեան․ Երկնիշ Տնտեսական Աճը Այլեւս Երեւակայութիւն Չէ

by MassisPost

Տնտեսական յեղափոխութիւնը եւ մինչեւ 2050 թուականը Հայաստանի տնտեսութիւնը տասնհինգ անգամ մեծցնելը նպատակ հռչակած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է, թէ երկնիշ տնտեսական աճը այլեւս երեւակայութեան  ոլորտէն չէ:

«Ընդհանրապէս այս տարուայ վերլուծութիւնն ի՞նչ է մեզ ցոյց տալիս, անձամբ իմ եզրակացութիւնը ո՞րն է. իսկապէս երկնիշ տնտեսական աճ արձանագրելը երեւակայութեան  ոլորտից չէ: Այսօր ամենամեծ խնդիրն այն է, որ մենք  մեծ ներդրումների ծաւալների   աճի  ժամանակացոյցի հետ կապուած խնդիր ունենք, եւ եթէ այդ խնդիրն արդիւնաւէտ կերպով լուծուած լինէր, ի հարկէ, այսօրուայ մեր տնտեսական ցուցանիշները շատ աւելին կը լինէին», – նշած է Փաշինեանը:

Վարչապետը յորդորեց կառավարութեան անդամներուն՝ այժմ ամենակարեւոր աշխատանքը 2020 թուականի  մեծ ծախսերու ծրագրաւորումն է, մրցոյթներու պատշաճ կայացումը եւ Յունուար 1-ի դրութեամբ բոլոր  մեծ  ծախսերու մասով պայմանագրերու ստորագրումը․ – «Մենք ունենք լաւ ցուցանիշներ Յուլիսին: Ընդ որում, ուզում եմ ընդգծել, որ ունենք տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշ՝ 8,1 տոկոս, որը շատ լաւ ցուցանիշ է: Բացի դա, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալի աճ՝ 16,1 տոկոս, շինարարութեան աճ՝ 4,1 տոկոս, առեւտուրի շրջանառութեան աճ 9,1 տոկոս, ծառայութիւնների աճ՝ 14,9 տոկոս, միջին անուանական աշխատավարձի աճ՝ 8 տոկոս, արտահանման աճ՝ Յուլիսին 19,5 տոկոս»:

Վիճակագրական կոմիտէի համաձայն, երկնիշ տնտեսական աճ նախորդ անգամ Հայաստանը ունեցած է հեռաւոր 2007-ին: 2008-2018 թուականներուն Հայաստանի տարեկան տնտեսական միջին աճը կազմած է 2,7 տոկոս: Նախորդ՝ յեղափոխութեան տարին Հայաստանը ամփոփեց 5,2 տոկոս տնտեսական աճով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment