Խորհրդարանը ամենայն հաւանականութեամբ այս տարի պիտի չքննարկէ «Իսթանպուլեան պայմանագր»ի վաւերացման հարցը: Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է, որ դիմած են Վենետիկի յանձնաժողով, որ իր կարծիքը պիտի յայտնէ Հոկտեմբերին, անկէ ետք կառավարութիւնը հարցը պէտք է քննարկէ եւ նոր միայն յետոյ ուղարկէ խորհրդարան՝ վաւերացման: Այնպէս որ, ըստ նախարարի, այս տարի իրատեսական չէ հարցի քննարկումը խորհրդարանի կողմէ:
Ըստ նախարար Բադասեանին, Վենետիկի յանձնաժողովը պէտք է կարծիք յայտնէ պայմանագրի մէջ տարակարծութիւններու տեղիք տուած հարցերուն մասին:
Յիշեցնենք, «Կանանց նկատմամբ բռնութեան ու ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման» Եւրոպայի խորհուրդի պայմանագրի շուրջ թէժ քննարկումներու ընթացքին մտահոգութիւններ կը հնչեն, որ փաստաթուղթի վաւերացումը թոյլ պիտի տայ, որպէսզի ընտանիք կազմեն նաեւ միասեռական անձինք, նախարարը ինքը, սակայն, նման վտանգ չի տեսներ:
«Էն դրոյթները, որոնք հիմնականում քննարկուել են ընտանիքի կազմին կարող է վերաբերուել, որը բացարձակ անհեթեթ է, որ ընտանիքի կազմ կարող է փոխուել: Եթէ հետաքրքիր է, նայէք Վրաստանի Սահմանադրութիւնը, նայէք Վրաստանը երբ է ստորագրել եւ երբ է վաւերացուել եւ արդեօք այդ վաւերացումից յետոյ որոշակի փոփոխութիւն կայ: Այնտեղ էլ ընտանիքը տղամարդու եւ կնոջ միութիւնն է, այնտեղ է պայմանագրի վաւերացումից յետոյ այդպէս մնացել, այդպէս է լինելու նաեւ Հայաստանում», – նշած է Բադասեանը:
«Ազատութեան» հարցին, թէ ինչո՚ւ կը բացառէ, որ միասեռականները կրնան ամուսնանալ, ընտանիք կազմել, Բադասեանը պատասխանած է. «Պետութիւնը չի ճանաչի, որովհետեւ այդ պայմանագրով որեւէ բան չի փոխւում, որպէսզի պետութիւնը ճանաչի նման ամուսնութիւնը, իսկ իրանք համատեղ կ’ապրեն, թէ չեն ապրի, դա իրենց գործն է»:
Հարցին ալ, թէ ինքը կը բացառէ, որ պայմանագիրը նման հնարաւորութիւն կրնայ տալ, նախարարը արձագանգած է. «Այո, միանշանակ բացառում եմ: Եթէ կառավարութիւնը վստահ է, որ այս պայմանագիրը քննարկուող խնդիրների վերաբերեալ որեւէ ռիսքեր չի պարունակում, Վենետիկի յանձնաժողով դիմելը եւ խորհրդատուական կարծիք ստանալը յստակ նպատակ է հետապնդում, որպէսզի դա լրացուցիչ փաստարկ լինի եւ վստահութիւն ստեղծող հանգամանք լինի այս պայմանագրի, լրացուցիչ փաստարկի առումով, այո, որպէսզի հենց այն մարմինը, որը Եւրոպայի խորհրդի կազմում է, ինքը մեկնաբանի՝ արդեօք նման հնարաւորութիւններ առկայ են, թէ չէ, թէեւ կրկին ասում եմ՝ մենք վստահ ենք, որ ոչ, Վրաստանի օրինակն էլ նայէք:»
Նախարարը չէ թաքցուցած՝ ինք անձամբ դէմ է միասեռականներու ամուսնութեանն ու անոնց կողմէ երեխաներու որդեգրման: Միեւնոյն ժամանակ Ռուստամ Բադասեանը շեշտած է՝ պայմանագրի մէջ այդ մասին որեւէ դրոյթ չկայ:
«Ազատութեան» դիտրկման, որ իրեն կը հակադարձեն, որ միեւնոյնն է կան օրէնքներ, որոնք արդէն իսկ կը կանխարգիլեն այդ բռնութիւնը, արդարադատութեան նախարարը պատասխանած է. «Փաստարկ-հակափաստարկներ դաշտում մենք հրապարակել ենք, նաեւ երբ որ արդէն կը լինի իմ ասած վերջնական քննարկումը, այդ փուլում»:
Հարցին ալ, Ազգային ժողովէն ներս քննարկմունը յաջորդ տարի պիտի կայանայ, Բադասեանը պատասխանած է. «Ես կարծում եմ, որ, այո»: