Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութիւնը Մինչեւ Սեպտեմբեր 4-ը Որոշում Պիտի Կայացնէ

Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութիւնը Մինչեւ Սեպտեմբեր 4-ը Որոշում Պիտի Կայացնէ

by MassisPost

Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը մինչեւ Սեպտեմբեր 4-ը որոշում պիտի կայացնէ՝ արդեօք Ամուլսարի հանքի շահագործման նոր ՇՄԱԳ (շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատում) պէ՞տք է ըլլայ, թէ՞ ոչ։ Վարչապետ Փաշինեանը երեք օր առաջ այսպիսի յանձնարարական տուած էր։

«Օրէնքով սահմանուած կարգով յանձնարարականը կը շրջանառուի նախարարութեան մասնագիտական ստորաբաժանումների մէջ, արդիւնքները կ’ամփոփուեն եւ եզրակացութիւնը կը ներկայացուի վարչապետի աշխատակազմին», – «Ազատութեան» փոխանցած է նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արմէն Վարդանտեանը:

Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան նոր գնահատումը անհրաժեշտ կը համարեն Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ հակակաշառակերային կեդրոնը՝ Քննչական կոմիտէին առաջարկելով մինչ այդ չկարճել Ամուլսարի քրէական գործը:

Քրէական կոմիտէն, յիշեցնենք, յայտարարած է, որ քրէական հետապնդում իրականացնելու հիմքեր չկան:

Կեդրոնի տնօրէն Սոնա Այվազեանը սակայն կը պնդէ, որ թէ՛ «Էլարտ»-ի ու թէ՛ իրենց երկու տարի կատարած հետազօտութիւններուն մէջ կ’երեւի, որ առնուազն պաշտօնէական անփութութիւնը պէտք է քրէական հետապնդման հիմք դառնայ. – «Էլարտը շատ լաւ վերհանել է այն բոլոր հիմքերը, որոնք պէտք է հիմք հանդիսանան շարունակելու համար այդ քրէական գործը: Որովհետեւ այնտեղ ցոյց է տրւում, թէ ինչերն է, որոնց վրայ Բնապահպանութեան նախարարութիւնը աչք է փակել»:

Սոնա Այվազեանը կը տարակուսի, թէ ինչպէս դրական եզրակացութիւն ստացած է հանքի շահագործման շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատումը, եթէ «Էլարտ»-ի փորձագիտական խումբը նոյնպէս հաստատած է, թէ որքան թերի եղած են ուսումնասիրութիւնները:

Հակակաշառակերային կեդրոնի ղեկավարը չի կասկածիր, որ շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատումի հաստատման համար տարիներ առաջ ճանապարհ հարթած է կաշառակերութիւնը. – «Այս երկրի ոչ մի քաղաքացի չի կասկածում, որ որեւէ այդպիսի խոշոր ընկերութիւն պիզնես է սկսել մեր երկրում՝ առանց թաթախուելու կաշառակերութեան մէջ, առանց ինչ-որ գործարքների մէջ մտնելու»:

Նոր շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատում պէտք ըլլալու մասին չի կասկածիր երկրաբանական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի պետական համալսարանի տարածաշրջանային երկրաբանութեան եւ օգտակար հանածոներու հետախուզման ամպիոնի վարիչ Շահէն Խաչատրեանը. – «Եթէ նման թերութիւններ առկայ են շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատականում, անպայման, ես կարծում եմ, որ պէտք է այդ թերութիւնները շտկուեն, շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատումը լրամշակուի եւ ներկայացուի նոր փորձաքննութեան»:

Խաչատրեանը օրինակներ ունի  իր գիտական ոլորտէն. փորձաքննական փաստաթուղթերու մէջ երկրաբանական, ջրաերկրաբանական քարտէզները մեղմ ըսած ՝ ժամկէտանց են. – «Արուած են անցեալ դարի 80-ական թուականներին, իսկ նորերն էլ շատ հպանցիկ քարտէզներ են: Եւ այդ քարտէզների հիման վրայ «Լիտիան»-ը կառուցել է իր մոտելները, որոնք, բնականաբար, չեն աշխատելու»:

Պետական համալսարանի դոկտորականի ուսանողներէն մէկը վերջերս Արփայի աւազանի երկրաբանական կառուցուածքը ուսումնասիրած է: Շահէն Խաչատրեանը ըսած է, որ բոլորովին տարբեր պատկեր է, քան այն, ինչ շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատումի մօտ է: Փաստաթուղթի եւս մէկ թերութիւն նշած է՝ Սպանդարեան – Կեչուտ թունելի ֆիզիքական վիճակը չէ դիտարկուած, այնինչ որոշ գիտնականներու կարծիքով, այն հանքի շահագործման հետեւանքով կրնայ փլուզուիլ. – «Ես անձամբ մտել եմ թունելը, գնացել եմ մէկ-երկու քիլոմեթր եւ ամբողջութեամբ տեսել եմ, թէ թունելի ներսում ինչ է կատարւում: Թունելի կառոյցը այսօր վտանգուած է»:

Գումարած այն, որ Ջերմուկի ջուրերու ու Ամուլսարի կապը ամբողջութեամբ չէ պարզաբանուած: Շահէն Խաչատրեանը կ’ըսէ, թէ ամբողջական ու նոր ուսումնասիրութիւն պէտք է, եւ եթէ այն ստանայ դրական եզրակացութիւն, նոր կարելի կ’ըլլայ մտածել Ամուլսարի ոսկեբեր   հանքերից ոսկի կորզելու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment