ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ իր կազմի անդամ` Ընկեր Սեպուհ Գաբրիէլեանի մահը, որ պատահեցաւ Օգոստոս 23-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Ընկեր Գաբրիէլեան Հալէպէն մինչեւ Լոս Անճելըս ունեցած է կուսակցական եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ ծառայած է ՀՄՄ-ի մեծ ընտանիքէն ներս:
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ այրիին` Սոնային, զաւակներուն, ընտանեկան համայն պարագաներուն եւ մեր բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն:
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին